ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի հետ:
Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան վերջին իրադարձութիւններուն ստեղծած լարուած իրավիճակին: Նշուեցաւ, որ, անկախ այդ առնչութեամբ տրուած որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրին անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ զինուած ուժերը մնայուն կերպով պէտք է ըլլան բոլորին հոգածութեան առարկան՝ շեշտելով, որ ինք պիտի շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել բանակին եւ անոր հարցերուն:
Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան միջնորդութեան գծով նախագահին 2 Մարտի որոշման մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը՝ նշելով, որ Օննիկ Գասպարեան մինչեւ 8օրեայ ժամկէտին լրանալը (նախագահին կողմէ Սահմանադրական դատարան դիմելէ ետք կը սկսի գործել այլ ժամկէտներ) կը շարունակէ իր ծառայութիւնը հայրենիքին եւ ժողովուրդին եւ կը հանդիսանայ զինուած ուժերու բարձրագոյն զինուորական հրամանատարը:
Ստորեւ՝ նշեալ յայտարարութիւնը.
«Նախագահը յայտարարել է Սահմանադրութեան 139րդ յօդուածի 2րդ մասի 2րդ նախադասութեամբ սահմանուած իմպերատիւ (պարտադիր-Խմբ.) երկու պահանջներից երկրորդի կատարման մտադրութեան` առանձին դիմումով Սահմանադրական դատարան դիմելու մասին, հիմքը` Սահմանադրութեան 169րդ յօդուածի 1ին մասի 4րդ կէտը:
Սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւնները սահմանուած են Սահմանադրութեան 168րդ յօդուածով, որով վերաբերելի կէտն առաջինն է, օրէնքի համապատասխանութիւնը որոշելը: Սահմանադրութեան 168րդ յօդուածով նախագահի հրամանագրի նախագծի սահմանադրականութեան կամ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետին պաշտօնից ազատման հարց լուծելու իրաւասութիւն Սահմանադրական դատարանը չունի, այսինքն` նախագահը վերաբերելիի մասով կարող է դիմել Սահմանադրական դատարան բացառապէս «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. Նոյեմբերի 15ի ՀՀ օրէնքի (այսուհետ` Օրէնք)` որպէս նախագծի իրաւական հիմքի` Սահմանադրութեանը համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով եւ ոչ կոնկրէտ (յստակ-Խմբ.) օրէնքի յօդուածի կամ մասի:
Սահմանադրական դատարան դիմելու ժամկէտ Սահմանադրութեան 139րդ յօդուածի 2րդ մասի 2րդ նախադասութեամբ եւ վերաբերող մասով Սահմանադրութեամբ ընդհանրապէս սահմանուած չէ: Վերաբերող մասով ժամկէտները սահմանուած են Օրէնքի 35․1րդ յօդուածի
3րդ մասով` հրամանագրի նախագծի վերադարձից յետոյ 8 օր (ազատման հիմք Օրէնքի 40րդ յօդուածի 3րդ մասը յղում է նշանակման կարգին):
«Յայտարարութեամբ նախագահը գործել է եւ յայտնել է մտադրութիւնը գործելու Սահմանադրութեանը բացառապէս համապատասխան:
ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ-գնդապետ Օնիկ Վիկտորի Գասպարեանը մինչեւ 8օրեայ ժամկէտի լրանալը (նախագահի կողմից Սահմանադրական դատարան դիմելուց յետոյ սկսում են գործել այլ ժամկէտներ) շարունակում է իր ծառայութիւնը հայրենիքին եւ ժողովրդին, հանդիսանում է Զինուած ուժերի բարձրագոյն զինուորական հրամանատարը»։