ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքներուն ընթացքին իր կատարած յայտարարութիւններուն համար, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 3 Մարտին Հայաստանի Քննչական կոմիտէին կողմէ ստացաւ ծանուցագիր, «որից պարզ է դառնում, որ իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր կատարելու փաստի առթիւ 2021թ․ Փետրուարի 20ին յարուցուել է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածով, եւ որոշում է կայացուել Վազգէն Մանուկեանին գործում ներգրաւել որպէս մեղադրեալ»:
Այդ նպատակով, Վազգէն Մանուկեան 4 Մարտին կը կանչուի Հայաստանի Քննչական կոմիտէ՝ հարցաքննութեան։
Շարժումը այս մասին տարածած իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Վազգէն Մանուկեանի նկատմամբ քաղաքական հետապնդումները որեւէ ազդեցութիւն չեն կարող թողնել նրա սկզբունքների, քաղաքական պայքարի եւ մեր երկրին սպառնացող աղէտը կանխելու գործում նրա վճռականութեան վրայ»: