ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

28 Դեկտեմբեր 2020ին անակնկալօրէն լսեցինք մտերիմ ընկերոջս ու հայրենակիցիս՝ Աբրահամ Կիտցինեանի մասին ցաւալի լուրը, թէ անողոք Covid 19 հիւանդութեամբ արդէն հիւանդանոց ինկած է: Հեռաձայնեցի անմիջապէս ու խօսեցայ հետը, ըսաւ, թէ բան մը չէ՝ «վաղը տուն պիտի երթամ. կը խօսինք»:
Յաջորդ օրը, առաջին գործերէս մէկն էր հեռաձայնել իրեն, հարցնելու որպիսութիւնը. պատասխան չկար հեռաձայնէն. անմիջապէս հեռաձայնեցի տիկնոջը Ալիսին, որ իր լաց ու կոծին մէջ պատասխանեց ինծի ըսելով, որ ալ Աբրահամը չկայ: Այս անսպասելի լուրը սարսափի ու խոր սուգի մատնեց ամբողջ Կիտցինեան գերդաստանը, եղբայրն ու քոյրերը, ու ամբողջ զաւակներն ու ծանօթ բարեկամները:
Աբրահամ Կիտցինեան ծնած էր 27 Մայիս 1940ին Լիբանան: Ան զաւակն էր Արշաւիր եւ Արաքսի Կիտցինեաններու: Աբօ յաճախած է իր ծննդավայրի, Պուրճ Համուտի, Նոր Սիս թաղի Ազգային Լուսինեան վարժարանը: Աբոն հասակ կ՛առնէ Լիբանանի հայաշատ Նոր Սիս թաղի մէջ, թրծուելով ազգային ոգիով:
Պատանեկան տարիներուն գործօն մասնակցութիւն կը բերէ շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերէն ներս: Ան անդամակցած է նաեւ տեղւոյն ՀՅԴի Պատանեկան միութեան, ապա անցած է շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Իշխան» կոմիտէութեան շարքերը, հոն նաեւ վարելով Պատանեկան միութեան վարիչի պաշտօնը: 1963ին եղած է հիմնադիր անդամներէ մէկը Սիսեցիներու Երիտասարդական միութեան ու երկար տարիներով տարած վարչական աշխատանքներ:
Աշակերտական տարիներէն ետք, երկար տարիներ կը հետեւի ձեւաւորման եւ գծագրութեան (designing) դասընթացքներուն եւ կը հմտանայ ոսկերչական ասպարէզին մէջ: Եղած է փնտռուած, հմուտ եւ ստեղծագործ վարպետ մը ոսկերչական ասպարէզին մէջ: Ան եղած է իսկական արուեստագէտ մը իր գեղեցիկ մտայղացումներով ու ստեղծած է աչքառու եւ հմայիչ գոհարեղէններ:
60ական թուականներուն, Նիւ Եորքի հռչակաւոր Krements ոսկերչատան տնօրէնը կ՛այցելեր Լիբանանի Phoenicia պանդոկը, ուր ցուցադրուած էին Աբոյին ստեղծագործութիւնները. հմայուած արուեստի այս գեղեցիկ գործերէն, ան կ՛ուզէ տեսնուիլ Աբոյին հետ եւ կ՛առաջարկէ իրեն ձեւաւորող-գծագրիչի պաշտօն, Krements հաստատութեան մէջ: Այս միջոցով, ան 1966ին կը մեկնի Նիւ Եորք:
Աբոն Նիւ Եորքի մէջ Պեթի Ֆելիսիանոյի հետ կ՛ամուսնանայ. անոնք կը բախտաւորուին 3 զաւակներով՝ Արաքսի, Կրէկ եւ Սագօ: Նորակազմ ընտանիքը կը փոխադրուի Հոնոլուլու, ձեռնարկելով իր սեփական վաճառատան հաստատման:
1996ին Աբօ վերջնականապէս կը հաստատուի Քալիֆորնիա, Լոս Անճելըս քաղաքը ու հոն կը կնքէ իր երկրորդ ամուսնութիւնը՝ Ալիս Թոսունեանի հետ, վայելելով երկար տարիներու երջանիկ կեանք մը:
Covid 19 ժահրով կը մահանայ Դեկտեմբեր 28ին, Լոս Անճելըսի մէջ, խոր սուգի մատնելով իր գերդաստանի բոլոր հարազատները, եղբայրն ու քոյրերը ու ընտանիքներն ու զաւակները, ընկերներն ու մտերիմները:
Ընկեր, սիրելի Աբօ, այս քանի մը տողերը թող ծաղկեփունջ մը ըլլան անթառամ շիրիմիդ վրայ: Ամերիկայի այս ցուրտ հողը՝ թեթեւ գայ վրադ: