Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «1915ի Կիները» վաւերագրական ֆիլմը 8 Մարտէն՝ Կանանց միջազգային օրուընէ սկսեալ, պիտի սկսի ցուցադրուիլ նաեւ Amazon Video հարթակին միջոցաւ։
«Արմէնոյտ» ընկերութեան արտադրած սոյն ֆիլմը արդէն իսկ շարք մը մրցանակներ շահած է Թորոնթոյի «Փոմոկրանեթ» եւ Լոս Անճելըսի «Արփա» շարժապատկերի փառատօներուն ընթացքին:
Մարոնեան բեմադրած է նաեւ «Ցեղասպանութեան Որբերը», «Անարիւն» եւ շարք մը այլ վաւերագրական ֆիլմեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել bared.maronian@gmail.com հասցէին։