
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան զանազան հիմնադրամներ սկսած են ընդունելու 2020-2021 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումնագիրները, որոնք պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 19 Ապրիլ:
Միութիւնը եւ անոր մասնաճիւղերը 500էն մինչեւ 5000 տոլարի կրթանպաստներ կը տրամադրեն ամէն տարի, առնուազն երկու տարի համալսարան յաճախած հայ ուսանողուհիներու։
Այս տարի, շնորհիւ Եւա եւ Ճեք Մեծորեաններու 50,000 տոլարնոց հիմնադրամին, հաստատուած է նոր կրթանպաստի հիմնադրամ մը, աջակցելու համար Հայաստանի եւ յատկապէս Հայաստանի Տաւուշ շրջանի ուսանողուհիներուն։
Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ 2011ին հաստատուած Յասմիկ Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը տարեկան 5000ական տոլարի կրթանպաստներ կը տրամադրէ Քալիֆորնիայէն հինգէն վեց հայ ուսանողուհիներու։
Հայ կանանց միջազգային միութիւնը նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն յատուկ կրթանպաստներ կը տրամադրէ։
Դիմումնագիրներուն եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել կայքը կամ դիմել՝ scholarships@aiwainternational.org հասցէին։