ԵՐԵՒԱՆ.- Ներկայ իրավիճակը քննարկելու եւ ճգնաժամը յաղթահարելու համար փոխընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով, նախագահ Արմէն Սարգսեան վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի (ՀՓՇ) ղեկավարները հանդիպումի հրաւիրեց 13 Մարտին։
Այս առնչութեամբ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկրին մէջ շարունակուող քաղաքական ճգնաժամը կը պահանջէ հրատապ եւ համակարգային փոփոխութիւններ, որոնց կարգին՝ սահմանադրական եւ օրէնսդրական։ Ըստ նախագահին՝ բոլոր կողմերն ալ արտայայտեցին իրենց տեսակէտները, սակայն կը բացակայի փոխըմբռնումը, մանաւանդ անհանդուրժողականութեան արտայայտութիւններու լոյսին տակ։
«Վերահաստատում եմ համոզմունքս, որ տարաձայնութիւնների կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման միակ ճանապարհը` բոլորիս եւ իւրաքանչիւրիս ջանքերի ու հնարաւորութիւնների համախմբումը», կը նշուի Արմէն Սարգսեանի յայտարարութեան մէջ։
Նախագահին այս հրաւէրին անդրադարձաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ հարց տուաւ. «Իրենց սեւ գործն արել են, հիմա մեզ ինչ-որ քննարկումների են տանո՞ւմ»։
Ան դիտել տուաւ, որ իրենք հանդիպումներու առումով բարդոյթներ չունին, սակայն հարցը այն է, որ ինչի՞ մասին պիտի խօսուի։ «Եթէ կը լինի օրակարգը, կը լինի ինչի մասին… եթէ Արմէն Սարգսեանը հրաւիրել է Նիկոլին, որ քննարկենք իր հեռացման ճանապարհային քարտէզը այդ օրակարգով կարելի է խօսել», հաստատեց Սաղաթէլեան:
0311Armen