ՍԱԳՕ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Վահագ եւ Ազատուհի Խաչատրեանները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՏԻԱՆ ԱԶԻԶԵԱՆի՝ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչռութեան նախկին անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՌՈԶԻՆ ՄԿՐԵԱՆի՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական շրջանի նախկին հոգաբարձուին, մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն:
ԳԷՈՐԳ ՕՀԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով (մահացած՝ Հալէպ, Սուրիա), ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Յովիկ Օհանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։