ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․– Կիլիկիոյ շրջանին մէջ մինչեւ օրս իր գոյութիւնը պահած միակ հայկական գիւղը հանդիսացող Վագըֆը կը շարունակէ իր յաջողութիւններու շղթային նոր օղակներ աւելցնել։
Գիւղի յատկութիւնները նկատուած են հեռաւոր այլ գաւառէ մը, ուր «Կենդանի քաղաքներու հարթակ» անունով հասարակական կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը նշէ բնակավայր մը, իբրեւ «Տարուան գիւղը»։
Մրցանակը յանձնելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Արտահանի կուսակալութեան երդիքին տակ։
Սամանտաղի հայ համայնքի պետ Ճեմ Չափար կը յայտնէ, թէ հպարտ է այս մրցանակին արժանանալով։