ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը անցեալ շաբաթ Ռուբիկ Կոլանեանը նշանակեց Կլենտէյլ քաղաքի վարիչ։ Ան արդէն իսկ աշտօնը ստանձնած է։
Կոլանեան Սեպտեմբեր 2000էն սկսեալ պաշտօններ վարած է Կլենտէյլի քաղաքի զանզան բաժանմունքներուն մէջ, ներառեալ՝ քաղաքի ճարտարապետ, հանրային ծրագիրներու վարիչ եւ քաղաքի վարիչի օգնական։ Ան նաեւ Հոկտեմբեր 2020էն ի վեր քաղաքի վարիչի պաշտօնակատարն էր։
Անոր հովանիին տակ պիտի գործեն քաղաքի կառավարութեան 15 բաժանմունքներու մօտաւորապէս 1500 պաշտօնեաներ։