Ի տես Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) «Որբախնամ» ծրագիրը վերանուանեց «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիր։ Այսօր, հարիւրաւոր հայ մանուկներ մնացած են զուրկ հայրական գուրգուրանքէ։ Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, որ ստանձնեն անչափահաս մանուկերու խնամակալութիւնը։ Տարեկան 330 ամերիկեան տոլարի յատկացումը կրնայ բարեփոխել կեանքը մանուկի մը, որուն հայրը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։
«Որբախնամ» ծրագիրը Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ հաստատուած էր 1992ին, նպատակ ունենալով Սպիտակի երկրաշարժին (1988) եւ Արցախի ազատագրական պայքարին հետեւանքով որբացած երեխաներուն հոգատարութիւնը հովանաւորել։ Արդէն շուրջ 30 տարիներու ընթացքին 7400 ծնողազուրկ մանուկներ հովանաւորուած են՝ շնորհիւ առաւել քան 4900 աշխարհասփիւռ խնամակալներու։ 2012ին նշուեցաւ այս ծրագիրին 20ամեակը, որմէ անմիջապէս ետք ծրագիրը անցաւ իր յաջորդ փուլին։
Ծրագիրին սկզբնական օրէն մինչեւ այսօր առաւել քան 5,300,000 ամերիկեան տոլար յատկացուած է այս նպատակով։
Իւրաքանչիւր հովանաւոր պարտի համաձայն գտնուիլ իր նուիրատուութիւնները կատարել մինչեւ մանուկը լրացնէ 18 տարիքը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել ձեր շրջանի ՀՕՄի միաւորին կամ ուղղակի այցելել ՀՕՄի կայքէջը ։
Արցախեան պատերազմին առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄը իր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն ընդմէջէն, զանազան միջոցներով կ՛օժանդակէ տեղահան եղած Արցախահայ ընտանիքներուն, մանուկներուն, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցի վերականգնողական բաժինին։