ԿԱՊԱՆ, ՊԸՐՊԵՆՔ․- Ինչպէս հաղորդած էինք, 18 Յունուարէն սկսեալ, վեցշաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ սկիզբ առին Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար, Կապանի Ն1 եւ Ն3 դպրոցներուն մէջ։
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գոծող շարք մը կազմակերպութիւններու՝ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու հեռահաս դասաւադութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար։
«Հայ Հոփս» ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ 12 Մարտին յաջողութեամբ ամբողջացած է ծրագիրին առաջին հանգրուանը եւ կ՛աւելցնէ, թէ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հետ կարելի եղած է համաձայնութիւն գոյացնել, Սիւնիքի մարզին մէջ աւելի մեծ թիւով աշակետներու աջակցելու նպատակով։
Գրիգորեան Հայաստան կատարած իր նորագոյն այցելութեան ընթացքին նաեւ այցելած է առաւել քան 20 դպրոցներ, Կապանի, Մեղրիի, Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ, մօտէն ծանօթանալու համար անոնց կարիքներուն։
Այս ծրագիրին շնորհիւ, տարբեր երկիրներէ կամաւոր ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ուսուցիչներ կ՛աշխատին ուսողութեան, անգլերէնի, գիտութեան, բնագիտութեան, արուեստի եւ համակարգիչի դասերուն վրայ։
Նշենք, որ ՝ «Հայ Հոփս» ծրագիրը այս նպատակին համար գործածուող համակարգիչները տեղափոխեց Հայաստան։
Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին, իսկ յաւելալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։