ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պրետ Շըրմըն Քոնկրեսին մէջ խօսք առնելով՝ դատապարտեց հայերու դէմ Ատրպէյճանի կոտորածները՝ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, ոգեկոչելով անոնց զոհերուն յիշատակը։
«Կանգնած եմ ամերիկահայ համայնքի կողքին՝ ոգեկոչելով Սումկայիթի (Փետրուար 27-29 1988), Կիրովապատի (21-27 Նոյեմբեր 1988) եւ Պաքուի մէջ (13-19 Յունուար 1990) հայոց ջարդերու զոհերու յիշատակը։ 33 տարի առաջ, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ, հայ բնակիչները թիրախ դարձան իրենց ցեղային պատկանելիութեան պատճառով։ New York Times-ը արձանագրած էր, որ հայերը «հետապնդման» կ՛ենթարկուին։ Սումկայիթի ջարդերը սկիզբն էին հայ փոքրամասնութեան դէմ բռնութեան սրացման, որմէ ետք հակահայկական բռնութեան ալիքը տարածուեցաւ Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, որ յանգեցուց Ատրպէյճանէն 390,000 հայերու հարկադիր տեղահանման եւ Արցախի մէջ 1991-94ի պատերազմին։ Ցաւալիօրէն, հայերու դէմ ատրպէյճանցիներու յարձակումները կը շարունակուին։ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ վերջին վերջին յարձակումներուն ընթացքին, Ատրպէյճան թիրախ դարձուց քաղաքացիները։ Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը արձանագրեց քաղաքացիական կառոյցներու դէմ տարանջատուող ռումբերու եւ հրետանային հրթիռներու կիրառումը։ Այսօր, հայեր տակաւին գերութեան մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ՝ Հայաստան վերադառնալու ոչ մէկ յստակ ժամանակացոյց ունենալով։ Ատրպէյճանի մէջ, հայ ռազմագերիները ֆիզիքական բռնութեան եւ այլ անմարդկային վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ ես պիտի շարունակեմ աշխատանքս Քոնկրեսին մէջ՝ լոյս սփռելու անցեալ եւ ներկայ վայրագութիւններու վրայ», ըսաւ Շըրմըն իր ելոյթին ընթացքին։