ԵՐԵՒԱՆ․- Համաշխարհային տնտեսական համախմբումը՝ World Economic Forum-ը, Հայաստանի DASARAN կրթական ծրագիրի հիմնադիր Սուրէն Ալոյեանը արժանացուց համաշխարհային ճանաչման՝ վերջինիս մասնագիտական եւ հասարակական կեանքին մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումներուն համար: Արդարեւ, համախմբումին կողմէ Սուրէն Ալոյեան ընտրուեցաւ 2021ի Երիտասարդ համաշխարհային առաջնորդ (2021 Young Global Leader):
Սուրէն Ալոյեան համախմբումին կողմ նման պատուի արժանացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող առաջին անձն է: Այս ճանաչումը առիթ պիտի ընծայէ անոր Հայաստանը ներկայացնելու Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին Երիտասարդ համաշխարհային առաջնորդներու համայնքին մէջ:
World Economic Forum-ը հարթակ մըն է, որ կը միաւորէ 120 պետութեան եւ աւելի քան 1400 անդամներ ու շրջանաւարտներ: Հարթակին կ՛անդամակցին քաղաքացիական եւ գործարար ոլորտի նորարարներ, ձեռներէցնէր, առհեստագիտութեան ոլորտի ղեկավարներ, մանկավարժներ, գործիչներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ այլք: