ԼԱ ՔՐԱԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 17 Մարտին, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը այցելեց շրջանս հիւրաբար գտնուող Ատրպատականի Հայոց առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան եւ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ եղբայրական հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:
Զոյգ առաջնորդներուն հանդիպումը ընդգրկեց հայրենիքի եւ Սփիւռքի գաղութներու ներկայ իրավիճակը եւ համայն հայութիւնը յուզող հարցեր: