ԼԱ ՔՐԱՍԵՆԹԱ.- Թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Հինգշաբթի, 11 Մարտի երեկոյեան, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմնին հետ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:
Հաւաքը սկիզբ առաւ շարականներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմի անդամներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Ձեր երկնատուր պարտականութիւնն է Յիսուսը ծանօթացնել մանուկներուն ու պատանիներուն եւ զանոնք առաջնորդել Քրիստոսի՝ փոքրիկներուն հասկնալի լեզուով, Ս. Գրային օրինակներով եւ անոնց ըմբռնելու կարողութեան համաձայն»:
Նշելէ ետք, որ ուսուցիչներ եւ պատասխանատուներ պէտք է դիւրացնեն աշակերտին կեանքը դասարանին մէջ, սրբազանը յորդորեց ներկաները՝ միշտ ըլլալու ժպտադէմ եւ բարձր տրամադրութեամբ դրական կերպարներ, դառնալու համար Աստուծոյ փառքի երգիչները:
Պաշտօնական այս հանդիպման ընթացքին, առաջնորդը կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ նշանակեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, քարտուղար՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը, վերահսկող մարմինի համաատենապետներ՝ Յակոբ Ջաղացպանեանը եւ Րաֆֆի Թորոսեանը:
Այնուհետեւ ներկաները խանդավառութեամբ երգեցին Հայց. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու յաղթական մաղթերգը, ապա բարի գալուստի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան Յակոբ Ջաղացպանեան եւ Րաֆֆի Թորոսեան:
Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իր կարգին, երախտագիտական խօսքեր ուղղեց առաջնորդին, որ հակառակ հայրենական եւ տեղական դժուար պայմաններուն, անասելի եռանդով ու վճռականութեամբ լեցուած է՝ Արեւմտեան թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու դասընթացքները վերակազմակերպելու առումով, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց դասաւանդութիւններու ուսումնական ծրագիրի ամսական ժամանակացոյցը՝ լսարանային բաժինի եւ դասարանային դրութեան վերաբերեալ, իւրաքանչիւրը իրեն համապատասխան աղօթքներով, Ս. Գրային ընթերցումներով, սաղմոսներով եւ պատշաճ շարականներով:
Յետ խորհրդակցութիւններու՝ առաջարկուեցաւ յառաջիկայ Մայիս ամսուան մէջ կազմակերպել Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրման 90ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին վկայական ստանան շրջանաւարտ աշակերտները եւ պարգեւատրուին տարիներու ծառայութիւն ու վաստակ ունեցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:
Հաւաքը եզրափակուեցաւ սրբազան հօր պատգամով: Ան անգամ մը եւս կարեւորութեամբ շեշտեց կիրակնօրեայ վարժարաններու խաղացած դերը եւ ստանձնած առաքելութիւնը մանուկ-պատանիներու կրօնաբարոյական եւ ազգային դաստիարակութեան ճամբուն վրայ՝ ընդգծելով, որ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները պէտք է առաւելագոյն սիրով փարին մանուկներու դաստիարակութեան գործին եւ անմնացորդ նուիրումով շարունակեն իրենց ազգանուէր պարտականութիւնը:
Աւարտին, ներկաները երգեցին «Մեսրոպ Մաշտոց» հայրենաշունչ երգը: Աշխատանքային հանդիպումը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: