ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 19 Մարտ թուակիր յայտարարութեամբ մը դատապարտեց ասիացի ամերիկացիներուն եւ Խաղաղականի կղզիներէ համայնքներուն դէմ ատելութեան ոճիրները, որոնք սաստկացած են յատկապէս համաճարակի օրերուն։
Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ, հաւատարիմ մնալով բոլոր փոքրամասնութիւններուն նեցուկ կանգնելու իր կեցուածքին՝ կը զօրակցի նշեալ համայնքներուն, որոնց դէմ յարձակումներէն մէկը այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ Աթլանթայի մէջ, ուր զինեալ սպիտակամորթ քաղաքացի մը 8 հոգի սպաննեց, ներառեալ՝ վեց ասիացի ամերիկացիներ։
«Ոչ մէկ համայնք պէտք է բռնարարքներու սպառնալիքին տակ ապրի», կը շեշտուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ։