ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 19 Մարտին հաղորդեց, թէ 37 ծերակուտականներ միացած են Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզին՝ միասնաբար պահանջելով նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ վերջ մը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն հետեւելու Ամերիկայի նախագահներու կեցուածքին, յստակօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։
Յոյն-ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեցին այս քայլը եւ այս վերջինին գործադիր վարիչը՝ Արամ Համբարեան, յիշեցուց, որ Պայտըն՝ իբրեւ ծերակուտական արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շատ լաւ դիրքի վրայ է իբրեւ նախագահ եւս դատապարտելու Ցեղասպանութիւնը։
Ծերակուտականներուն ցանկը եւ նամակը կարդալու համար այցելել կայքէջը։