Գեղատեսիլ Աղաւնոյ գետի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայուած է Արիաւան գիւղը, որ ծանօթ է նաեւ Աղաւնոյ անունով: 2020ի աշնան Ատրպէյճանի Արցախի վրայ կատարած յարձակումներու սաստկացումով, գիւղի ընտանիքներուն մեծ մասը ստիպուած եղաւ լքելու իր տուները, բայց հայրէնասէր 9 ընտանիքներ նախընտրեցին մնալ՝ վճռականօրէն պաշտպանելով իրենց հողերն ու ունեցուածքը՝ ընդդէմ թշնամու յառաջխաղացումներուն:
Արիաւանը առաջին գիւղն է, որուն կը հանդիպիք Արցախի մէջ ՝ Հայաստանի սահմանը անցնելէ ետք, երբ կը ճաճամբորդէք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները զիրար միացնող Լաչինի միջանցքով: Պատերազմի աւարտէն ի վեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան ԱմերիկայիԿեդրոնական կոմիտէի եւ Ամերիկայի Հայկական մշակութային հիմնարկի (ACAA) Արցախ Ֆոնտի երկու պատուիրակութիւններ այցելեցին Արիաւան`գիւղացիներու կարիքները բաւարարելու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու մտադրութեամբ:
«Ինծի համար ամէնէն կարեւորը գիւղին ռազմավարական դիրքն էր եւ անոնց (գիւղացիներու) մնալու եւ տոկալու կամքը», «Հայրենիք»ի հետ վերջերս ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախ ֆոնտի մարմինի անդամ Փոլին Տոսթումեան: Ան բացատրեց, թէ գիւղին մօտ են ռուսական անցակէտերը եւ խաղաղապահները, ինչպէս նաեւ հայկական գեղեցիկ եկեղեցին: Անհասկանալիօրէն, Հայաստանի իշխանութեան կողմէ բազմաթիւ փորձեր եղած են խրախուսելու բնակիչները, որ լքեն Արիաւանը եւ Բերձոր քաղաքը: Ի վերջոյ, ըստ այցելուներու, Բերձորը ամայացաւ, եւ քաղաքը ներկայիս ուրուականներու քաղաք կը վիշեցնէ: Հրադադարի աղէտալի եռակողմ համաձայնագիրով հինգ քիլոմեթր լայնութեամբ (մօտաւորապէս երեք մղոն) միջանցքը կը շարունակէ պահպանել կապը Հայաստանի հետ: Որեւէ հիմք չկայ, որ այս միջանցքի գիւղերը պէտք է դատարկուին իրենց բնակիչներէն: Ընդհակառակը, ինչպէս բացատրեց ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿի անդամ Սեպուհ Հացագործեան՝ այդ գիւղերը պէտք է վերաբնակեցուին` միջանցքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, հակառակ պարագային Արցախը կը կտրուի Հայաստանէն եւ «կը վերածուի թշնամիներով շրջապատուած կղզիի»:
Պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը անջատեց ելեկտրական հոսանքը, յատուկ ջանքերով Արիաւանի գիւղացիներուն ստիպելու հեռանալ գիւղէն: 8 Դեկտեմբերին, իբրեւ պատասխան այդ ջանքերուն՝ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿի անդամները ելեկտրականութիւն մատակարարող շարժիչներ տրամադրեցին: Բացի այդ, հայկական բջիջային հաղորդակցութեան աշտարակը դադրեցուեցաւ ՝ գիւղը զրկելով բոլոր տեսակի հաղորդակցութիւններէ եւ գիւղի ջրամատակարարումը եւս խափանուեցաւ քանի մը շաբաթ: Վերջերս գիւղը դատարկելու այլ փորձեր եւս եղան:
Արիաւանի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի եւ այլ գիւղացիներու հետ գիւղի առաջնային կարիքները պարզելու համար քանի մը հանդիպումներէ եւ քննարկումներէ ետք, Արցախ Ֆոնտի անդամները դարձեալ այցելեցին գիւղը եւ որոշեցին վերակառուցել դպրոցը: Գիւղացիներու ցանկութիւններուն ամէնէն կարեւոր կէտը դպրոցը վերանորոգելը եւ բանալն էր. անոնք համոզուած են, որ լիարժէք աշխատող դպրոցը շօշափելի պատճառ կը դառնայ ընտանիքներուն համար, որ վերադառնան Արիաւան: Դեկտեմբերի սկիզբը, երբ ՀՅԴ ԿԿի անդամները այցելեցին, հին դպրոցը վնասուած էր, պատուհաններու ապակիները ջարդուած էին գնդակոծութեան պատճառով, գրասեղաններ ու աթոռներ չկային, որովհետեւ զանոնք գործածած էին զինուորներու եւ կամաւորներու կարիքներուն համար: Նախքան պատերազմը, նախատեսուած էր հին շէնքի կողքին կառուցել դպրոցի նոր շէնք մը, բայց 9 Նոյեմբերէն ետք նոր դպրոցի շինարարը վերադարձաւ Արիաւան եւ սկսաւ մետաղեայ յենարանները հանել: Գիւղապետ Չաւուշեան, որ իր կնոջ հետ ունի հինգ անչափահաս զաւակներ ՝ նորածինէն մինչեւ վեց տարեկան, կանգնեցուց ընթացքը:
ACAA-ի Արցախ Ֆոնտի երկրորդ պատուիրակութիւնը Արիաւան այցելեց 27 Դեկտեմբեր 2020էն 3 Յունուար 2021ի միջեւ, բերելով ուտելիք, տնտեսական ապրանքներ, նուէրներ եւ հագուստ: Այս ընթացքին, խումբը առիթը ունեցաւ աւելի լաւ ծանօթանալու գիւղացիներուն հետ եւ հասկնալ անոնց կարիքները եւ ցաւը, յատկապէս անոնց առաջին տօնական շրջանին, որ պիտի ապրէին առանց իրենց զոհուած կամ անյայտ կորած սիրելիներուն:
Արիաւանի Նոր Տարին յուզիչ էր Արցախ Ֆոնտի անդամներուն համար, նշեց Տոսթումեան: Խումբը հետեւեցաւ աւանդոյթին եւ կէսգիշերին այցելեց մօտակայ եկեղեցին (խաղաղապահներու գիտութեամբ), հնչեց եկեղեցւոյ զանգը, աղօթքներ բարձրացան Նոր տարուան գալստեան եւ մոմեր վառուեցան եկեղեցւոյ մէջ եւ անկէ դուրս տեղադրուած խաչքարերուն մօտ:
Մանուկները ուրախ էին խումբին Սուրբ Ծննդեան նուէրները ստանալով եւ գիւղին մէջ տօնածառ տեղադրուած տեսնելով: Իբրեւ պահի ցնցող եւ տխուր նշան՝ տօնածառը զարդարուած էր պատերազմին ընթացքին անյայտ կորած կամ նահատակուած հերոսներու լուսանկարներով: «Այդ մէկը տօնական տրամադրութիւն չէր, բայց գոյատեւման տրամադրութիւն էր եւ վճռականութիւն ՝ այնտեղ շարունակելու ապրիլ», կը յիշէ Տոսթումեան, որ նաեւ շեշտեց կրթական ամուր միջավայրի մը կարեւորութիւնը եւ մանուկներուն համար տարիքի համապատասխան արտադասարանական գործունէութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Հացագործեան նշեց, որ մանուկներուն անմեղութիւնը եւ սորվելու փափաքը մեծ են հակառակ այն բանին, որ գրեթէ հայրենիք կորսնցուցած էին:
Այսօր պարզ է արդէն, որ դպրոցին մանկապարտէզի հատուածին վերանորոգումը առաջնային հարց է, առ այդ, ACAA- ի Արցախ Ֆոնտը նախաձեռնած է այս նորոգութիւնները կատարելու: Նոր դասասենեակ, մանուկներու քնանալու տարածք, խոհանոց, ճաշասենեակ եւ աւելի մեծ սրահ, որ օգտագործելի կ՛ըլլայ նաեւ գիւղական ընկերային ձեռնարկներու համար: Ամէնէն կարեւորը, բայց, ներսի բաղնիքներու եւ լուացարաններու կառուցումն է: Կարեւոր է նաեւ գիւղապետարանի շէնքին մէջ մէկ սենեակ վերանորոգել, որպէսզի անիկա դառնայ առանձին մուտքով դարմանատուն մը, որ մատչելի պիտի 24 ժամեայ ծառայութեամբ եւ գիւղացիներուն կարեւոր բժշկական օգնութիւն պիտի մատուցէ:
Ամբողջ նախագիծին ընթացքը կը համապատասխանէ Արիաւանի կեանքի դրուածքին, ուր բոլորը կ՛աշխատին զիրար օգնելու համար: «Գիւղին մէջ բոլորը հոգատարութեան առարկայ են», ըսաւ Տոսթումեան`բացատրելով, որ գիւղապետ Չաւուշեան ամէն ինչ կ՛ընէ գիւղին անվտանգութիւնը ապահովելու համար, լաւ կապեր կը պահպանէ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն հետ եւ Գորիս ուղեւորուելով՝ մատակարարումներ կը կատարէ: Գիւղացիները, նոյնիսկ դժուար այս կացութեան մէջ, հայկական սովորական հիւրընկալութիւնը կը պահպանեն ՝ միշտ իրենց հիւրերուն առաջարկելով հիւրասիրութիւն: «Անոնք իրենց բաժինը կը կատարեն այնտեղ գտնուելով: Մեր գործն է աջակցիլ անոնց հնարաւորութիւններ ստեղծելով, յատկապէս նոր սերունդին համար: Կրթութիւնը սկիզբն է», ըսաւ Տոսդումեան:
Հացագործեան իր կարգին կը պնդեց, որ ֆինանսական օգնութիւնը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ Արիաւանի գիւղացիներուն համար: «Մենք անոնց բարոյապէս ալ պէտք է օգնենք՝ ըլլալով անոնց կողքին, ինչ որ անոնց յոյս կու տայ եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը», շեշտեց ան՝ աւելցնելով. «Մենք պէտք է անոնց ցոյց տանք, որ Սփիւռքի իրենց եղբայրները եւ քոյրերը իրենց հետ են այնտեղ, քանի որ իրենք կը զգան, որ իրենք դաւաճանուած եւ լքուած են իրենց կառավարութեան կողմէ»:
ՀՅԴ ԿԿի եւ Արցախ Ֆոնտի անդամներուն այս այցելութիւնները ցոյց տուին, որ շրջանը անխոնջ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերէ այնտեղ մնացած գիւղացիներուն:
«Հակառակ դաւաճանուած ըլլալու այդ զգացումներուն ՝ բարոյահոգեբանական մակարդակը բարձր էր, եւ բնակիչները պէտք կը զգան իրենց տուներուն մէջ մնալ», յայտնեց Արցախ Ֆոնտի անդամ Արուսիակ Մարգարեան եւ աւելցուցէ ըսելով որ փաստօրէն, «յոյս կար, որ ընտանիքները եւ ուսուցիչները կը վերադառնան դպրոցը վերանորոգուելու պարագային» եւ ան շեշտեց ACAA- ի Արցախ Ֆոնտի ծրագիրին կարեւորութիւնը: Դեկտեմբեր 2020ի սկիզբը, երբ գիւղին մէջ միայն ինն ընտանիքներ կային, Արիաւան դպրոցը որոշեց վերսկսիլ աշխատանքի: Դպրոցի վերաբացման որոշումին շնորհիւ, 27 Դեկտեմբերէն 3 Յունուար, եւս հինգ ընտանիքներ որոշեցին վերադառնալ եւ Յունուարի վերաւորութեան տուեալներուն համաձայն՝ գիւղին մէջ կապրէին 25 ընտանիքներ (90 անձեր):
Եթէ կ’ուզէք միանալ Արիաւանի մէջ ծաւալած ACAA-ի Արցախ Ֆոնտի ջանքերուն՝ այցելեցէք givebutter.com/ariavan կայքէջը: