ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։
Դեսպանը փափաքած էր ծանօթանալ պատրիարքին հետ, որ առաջին անգամ ըլլալով դեսպանին հետ կը տեսակցէր իր գահակալութենէն ի վեր։
Ջերմ զրոյցին տեւողութեան դեսպան Սաթըրֆիլտ բացատրեց իր ընկալումը թրքահայ համայնքին մասին՝ իբրեւ Թուրքիոյ կարեւորագոյն տարրերէն մին, որ հարուստ մշակոյթ մը ունի։ Պատրիարքը թրքահայ իրականութեան անցեալին եւ ներկային մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուց եւ զանազան հարցերու մասին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան։