Իրանահայ նշանաւոր նկարիչ Եսայի Շահիջանեանի կիսանդրին տեղադրուած է Սպահանի Չարբաղ–Բալա փողոցին վրայ:
1400 թուականի Նոռուզի նախօրէին, Սպահանի Քաղաքային վարչակազմի նախաձեռնութեամբ եւ Կերպարուեստի դպրոցի համագործակցութեամբ` քաղաքի Չարբաղ–Բալա փողոցին վրայ տեղադրուած են նկարիչ Եսայի Շահիջանեանի եւ Սպահանի 10 այլ արուեստագէտներու կիսանդրիները:
Եսայի Շահիջանեանի կիսանդրիի հեղինակն է քանդակագործ Ալիռեզա Ղադամեարի:
Կիսանդրիները կառուցուած են ֆայպըրկլասէ, ընդհանուր բարձրութիւնը շուրջ 2 մեթր է։
Գրիշ Դաւթեանի՝ Եսայի Շահիջանեանի մահուան 30ամեակին առիթով լոյս տեսած գրութիւնը կարդալու համար սեղմեցէք հետեւեալ կապը՝
https://asbarez.com/arm/321743/: