ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական զօրախումբը 22 Մարտին, տեղակայման վայրին մէջ մասնակցեցաւ նոր մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Մասնաշէնքը հայկական զօրախումբին յանձնուեցաւ տեղւոյն հրամանատարութեան կողմէ` ծառայողական պարտականութիւնները փայլուն կերպով կատարելու համար:
Միջոցառման ընթացքին բարձրացան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պետական դրօշները` իբրեւ նշան բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ աջակցութեան: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղան ռազմակայանի հրամանատարական կազմը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Իրլանտայի, Խրուաթիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ալպանիոյ, Լեհաստանի եւ Աւստրիոյ ներկայացուցիչներ:
Շինութիւնը պիտի ծառայէ՝ իբրեւ ազգային տօնակատարութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու կազմակերպման վայր: