ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ «չի շարժիր» ժողովուրդը: Յուսալքուած է հայրենի ժողովուրդին մէկ մասը, եւ երազի երազն իսկ չունի: Ինչպէս կան ընդդիմադիրներ, նոյնպէս կան անո՛նց ընդդիմադիրներ: Անոնք «փողոց չեն իջներ». կը պատասխանեն երբ հարցում ուղղուի իրենց: Չի նշանակեր, թէ չի փոթորկիր անոնց ներաշխարհը:
Երբ երեսուն տարի ընտրուած, կամ՝ ընտրուածի պէս չընտրուած նախագահները երկիրը բարւոքութեամբ եւ պատմութիւնը ակնածանքով օծելու փոխարէն՝ պատառ-պատառ ըրին, իրենց ախորժակները գոհացուցին, սեփականաշնորհեցին, մենաշնորհեցին, Երեւանի դալար դիմագիծը խճողեցին միայն իրե՛նց համար եկամտաբեր կառոյցներով, երբ կաշառակերութեան դէմ խօսելով՝ կաշառակերութեան բուրգերը իրենք բարձրացուցին, երբ հիւանդանոցներէն հրէշային արարածներ՝ մայրերը խաբելով անոնց նորածինները ծախեցին, երբ խաբեբայութեամբ ժողովուրդին սեփական տուները իւրացուցին, այլեւս անտէր անտիրական ժողովուրդը յուսախաբ էր, արժանապատուութիւնը լրիւ վիրաւորուած էր:
Իսկ երբ մեծ յոյսերով ընտրուած վարչապետը «բաժնէ որ տիրես»ով սկսաւ, «Հող ալ կու տամ թշնամիին, սերունդ ալ կը նահատակեմ, ազգս կը զոհեմ, բայց տեղէս չեմ շարժիր»ով կը շարունակէ, արդէն հոգեկան հաշմանդամութիւն տարածած է ժողովուրդին մէջ: Ուրեմն բան մը փոխուելու պէս կ՛ըլլայ, բայց չի փոխուիր: Դաժան իրականութիւնը կը հարուածէ, բայց այս հարուածը միւսէն նախընտրելի է թերեւս: Ուրեմն մէկը վարչապետ կ՛ըլլայ եւ դիւանագէտ չէ. ազգը աղէտի եզրին կը տանի: Հիները կեղեքեցին, քերթեցին մարմինը ու հոգին. այս մէկը նահատակեց հող ու սերունդ:
Երբ իրավիճակը դէպի լաւը չի յառաջանար՝ տեղքայլ է: Յոգնասպառ քաղաքացին ի՞նչ պիտի մտածէ: Մէկը առ՝ միւսին զարկ: Եղածը աս է, ա՛լ փոփոխութիւն չ՛ուզեր, որովհետեւ փորձառութեամբ հետեւցուցած է, թէ օգուտ չունի: Սպառած է ժողովուրդը, յուսալքութեան, բարոյազրկման յատակը հասած: Իր անկիւնը կկզած է, կը կարծէ թէ ահագնեցնող հողմամրրիկը իր գլուխէն պիտի չ՛անցնի՜:
Բայց աղէտաբերը պիտի գլխատէ զինք, եթէ տեղէն չշարժի, եթէ մերժէ տեսնել անկումը, կորուստներուն մեծագոյնն ու հողին աղերսը: Հոգեպէս անդամալոյծ՝ լռութիւն կ՛անձկայ, բայց հեռացնելու է հայեացքը՝ մութէն. տեղ մը կա՜յ կապոյտը, եւ հոն է Չարենցի հոգին. «Կապոյտը՝ երազ. Կապոյտում հոգիս մի հին իրիկուն անզօր հեծկլտաց»։ Յետոյ դէպի «պայծառ գալիք»ը ուղղեց իր աչքերը Չարենց. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, Քո միակ փրկութիւնը՝ քո հաւաքական ուժի մէջ է»: