ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս, Քալիֆորնիոյ Գերագոյն դատարանի դատաւոր Ուիլեըմ Ս. Ռայըն բեկանեց նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի մերժումը՝ Համբիկ Սասունեանը բանտէն ազատ արձակելու մասին Ներման հարցերու յանձնախումբի որոշումի վաւերացման: Ես ունէի այդ սխալ պատկերացումը, թէ ներման մասին նահանգապետին որոշումը վերջնական է եւ դատարաններու կողմէ վերատեսութեան կամ փոփոխման ենթակայ չէ: Կը պարզուի, որ ըստ օրէնքի պահանջին, նահանգապետը կը դիտարկէ «բոլոր պատշաճ, հաւաստի տեղեկութիւնները», եւ որ անոր որոշումները՝ ժամանակէն առաջ ազատ արձակելու մասին, պէտք չէ ըլլան կամայական կամ քմահաճ: Այս յօդուածը գրուած է դատաւորին 19 էջնոց վճիռի պատճէնին հիման վրայ:
Տողերուս հեղինակին հետ արիւնակցական կապ չունեցող Համբիկ Սասունեան 29 Յունիս 1984ին մեղաւոր ճանչցուեցաւ առաջին աստիճանի սպանութեան մէջ եւ դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան՝ առանց վաղաժամկէտ ազատման կարելիութեան, սակայն 2002ին, անոր դէմ վճիռը դարձաւ 25 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում, ինչ որ շնորհեց անոր աւելի կանուխ ազատ արձակուելու իրաւունք: Սասունեան Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արիքանը սպաննեց Լոս Անճելըսի մէջ, 28 Յունուար 1982ին, երբ ինք տակաւին 19 տարեկան էր: Սասունեան ներկայիս 58 տարեկան է:
27 Դեկտեմբեր 2019ին, Ներման հարցերու յանձնախումբը գտաւ, որ Սասունեան կը բաւարարէ վաղաժամկէտ ազատման պահանջները: Այնուամենայնիւ, 25 Մայիս 2020ին, նահանգապետ Նիւսըմ մերժեց յանձնախումբին որոշումը՝ հիմնուելով բանտարկեալին գործած յանցանքին վրայ, այլեւ «ընդարձակեց քաղաքական կարեւորութիւնը» արարքին եւ «համեմատաբար նոր» համարեց Սասունեանի գիտակցումը՝ իր գործած յանցանքին:
14 Օգոստոս 2020ին, Սասունեան միջնորդութեան դիմում ներկայացուց Գերագոյն դատարանին՝ վիճարկելով նահանգապետին կողմէ Ներման յանձնախումբի որոշումը մերժելու փաստը: Ան պնդեց, որ նահանգապետին որոշումը չէ հիմնուած ապացոյցներու վրայ, յատկապէս այն մասը, ըստ որուն, եթէ Սասունեան ազատ արձակուի, կրնայ վտանգ ներկայացնել հանրութեան համար: Սասունեան նաեւ պնդեց, որ «նահանգապետը կիրարկած է վաղաժամկէտ ազատման պատշաճութեան անօրինականօրէն բարձրացուած չափանիշ՝ ապօրինաբար հիմնուելով բանտարկեալին կողմէ կատարուած յանցագործութեան հանգամանքներուն վրայ»: Իր պնդումին մէջ ան կը հաստատէ, որ ոչ մէկ փաստ կայ, թէ իր քով կը բացակայի «մեղքի գիտակցումը», եւ որ «նահանգապետի եզրակացութիւնը, թէ Սասունեան «բաւական երկար ժամանակ» չէ ցուցաբերած մեղքի գիտակցում անօրինական պատճառ կը հանդիսանայ իր վաղաժամկէտ ազատումը մերժելու համար»:
7 Հոկտեմբեր 2020ին, դատարանը հրահանգեց հիմնաւորել գործը: Նահանգապետարանը 11 Յունուար 2021ին ներկայացուց իր պատասխանը՝ կրկնելով բանտարկեալին վաղաժամկէտ ազատումը մերժելու պատճառները: Այնուհետեւ, 26 Յունուար 2021ին, Սասունեան ներկայացուց իր պատասխանը, որմով ան եւս մերժեց նահանգապետին կողմէ իրեն դէմ եղած պնդումները:
Դատաւոր Ռայընի որոշումով՝ Սասունեանի դատը չի բովանդակեր որեւէ ապացոյց՝ հիմնաւորելու համար նահանգապետին այն պնդումը, թէ Սասունեան վաղաժամկէտ ազատման իրաւունք չունի: Աւելին, դատաւորը գտաւ, որ նահանգապետը սխալ չափանիշներ օգտագործած է, ինչպէս՝ Սասունեանի յանցանքին «կարեւորութիւնը», նաեւ անոր զոհին յայտնի մարդ ըլլալը, ինչպէս նաեւ Սասունեանի մեղքի գիտակցման հանգամանքին «նոր» ըլլալը: Առ այդ, դատաւորը հրամայեց Սասունեանը ազատ արձակել բանտէն:
Դատաւոր Ռայըն դատավճիռին ընթացքին անդրադարձաւ Սասունեանի՝ ինքնիր ծագման մասին ըրած նկարագրութեան, իբրեւ՝ «հայ մը, որ ծնած եւ մինչեւ 13 տարեկան ապրած է Լիբանան: Այս տարիներուն ինք եւ իր ընտանիքը ապրած են «աշխոյժ ռազմական գործողութիւններու գօտիի մէջ եւ պարբերաբար տեսած են դիակներ», անոնց շարքին՝ կիներ եւ մանուկներ: Հայրը հարբեցող էր եւ յաճախ շաբաթներով կը բացակայէր տունէն, սակայն հայցուորը (Սասունեան) լաւ, ջերմ յարաբերութիւններ ունէր մօրը հետ: Կ՛ապրէր իր մեծաթիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, նաեւ՝ բազմանդամ ընտանիքի անդամներուն հետ, ներառեալ մեծ մայրը եւ մեծ հայրը, որոնք «Հայոց Ցեղասպանութեան» վերապրողներ էին: Մեծ մայրը յաճախ պատմած է իրեն, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութեան ատեն կորսնցուցած էր իր ամբողջ ընտանիքը եւ թէ ինչպէ՛ս միայն ինք հազիւ կրցած էր փրկուիլ կոտորածէն»:
Շարունակելով, դատաւորը աւելցուց. «13 տարեկան էր, երբ (Սասունեան) ընտանիքը ներգաղթեց Միացեալ Նահանգներ՝ Լիբանանի բռնութիւններէն խուսափելու համար, բայց ընտանեկան վիճակը շարունակեց մնալ ծանր: Անոնք հաստատուեցան Փասատինա, ուր մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին: Համբիկը միացաւ հայ սկաուտներուն եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան: Հոն ալ ծանօթացաւ իր յանցանքի ընկերոջ՝ Գրիգոր «Գօգօ» Սալիպային: Անոնք ընկերացան յանցագործութենէն մէկ-երկու տարի առաջ եւ միշտ քննարկեցին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ քաղաքականութեան ու պատմութեան հարցերը, ներառեալ՝ Ցեղասպանութիւնը: Անոնք նաեւ անդրադարձան այն բանին եւ յաճախ միասին քննարկեցին, թէ այդ տարիներուն «շատ քաղաքական սպանութիւններ եղած են»: Այսինքն, «հայերը Եւրոպայի մէջ կը սպաննէին թուրք դիւանագէտներ, յատկապէս անոր համար, որ զայրացած էին, որովհետեւ… Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիա հերքած էր իր գործած Ցեղասպանութիւնը…։ Հայ երիտասարդները բարկացած էին այս իրողութենէն եւ կը կարծէին, որ Թուրքիա պէ՛տք է քայլ մը առնէ եւ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը… պէ՛տք է երկխօսութեան նստի հայ ժողովուրդին հետ կամ հաշտութիւն կնքէ անոր հետ»: Բայց որովհետեւ Թուրքիա նման քայլ չէր առներ՝ «հայ երիտասարդները որոշեցին դիմել բռնութեան….: (Անոնք) յոյս չունէին, որ… Թուրքիոյ հետ խաղաղ երկխօսութիւն կրնայ ըլլալ»: Այս ընթացքին հայցուորը (Սասունեան) եւ անոր յանցակիցը, որ հայցուորէն քանի մը տարիով մեծ էր, կը քննարկէին Եւրոպա երթալու եւ սպանութիւն մը իրականացնելու հարցը: Սակայն, այդ օրերուն էր, երբ գլխաւոր հիւպատոս Արիքան հանդէս եկաւ հրապարակային ելոյթով մը՝ հայերը կոչելով «ստախօսներ», եւ յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ՛ եղած: Սալիպա հայցուորին ցոյց կու տայ Արիքանի յայտարարութեան մասին յօդուածը: «Ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռներ՝ մենք այդ մէկը համարեցինք շատ վիրաւորական: Մենք խիստ վիրաւորուեցանք ատկէ», ըսին անոնք:
Դատաւոր Ռայըն վճռեց, որ «դատին մէջ ոչ մէկ ապացոյց կայ, պաշտպանելու համար նահանգապետին կողմէ՝ Սասունեանի մեղքի գիտակցման պակասի բացայայտումը, կամ՝ որեւէ բան, որ կրնայ փաստել, թէ 40 տարուան վաղեմութիւն ունեցող յանցագործութիւնը կը վկայէ, թէ յանցագործը այսօր եւս վտանգաւոր կը համարուի հանրութեան համար»:
Դատաւորը հակաճառեց նահանգապետին այն պնդումին, թէ Սասունեանի կողմէ յանցագործութեան մասին մեղքի գիտակցումը «միայն վերջերս» տեղի ունեցած է: Դատաւոր Ռայըն յայտարարեց, որ «դատական գործընթացը կը սահմանէ, թէ գոյութիւն չունի կանխորոշուած ժամանակահատուած, որուն ընթացքին բանտարկեալը պէտք է ցուցադրէ կամ ունենայ մեղքի գիտակցում, որպէսզի այդ մէկը բաւարար ըլլայ պիտանիութեան համար»: Դատաւորը վճռեց նաեւ, որ «գիտակցման չափանիշը, զոր նահանգապետը օգտագործած է իր որոշումը տալու համար, սխա՛լ էր… եւ Սասունեանի պարագային ան սահմանած էր այլ «կամայական» չափանիշ մը»:
Ինչ կը վերաբերի Սասունեանի՝ հասարակութեան համար վտանգ ներկայացնելու հարցին, ապա՝ «դատարանը կը նշէ, թէ հոգեբանը գտաւ, որ հայցուոր Սասունեան ազատ արձակուելէ ետք, բռնութեան քիչ վտանգ պիտի ներկայացնէ», գրած է դատաւորը: «Հայցուորը ներողութիւն խնդրելու նամակ գրած է Արիքանի ընտանիքին, ընկերներուն եւ գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ նամակ մը՝ «Թուրքիոյ ժողովուրդին, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ աշխարհի թրքական համայնքներուն», աւելցուց դատաւոր Ռայըն: «Դատարանը գտաւ, որ նահանգապետին որոշումը «կամայական էր եւ ընթացակարգի առումով՝ թերի», վճռեց ան՝ աւելցնելով, որ Սասունեան «ազատ արձակուելու համապարփակ ծրագիրներ ունի՝ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Հայաստանի համար»: Ասիկա կը վերաբերի Սասունեանի այն յայտարարութեան, ըստ որուն, բանտէն արձակուելէ ետք կրնայ Հայաստան տեղափոխուիլ:
Վերջաւորութեան, դատաւորը յայտարարեց, որ Սասունեան «սպանութիւն կատարած է, ինչին համար ալ պատշաճ կերպով պատժուած է…: Նահանգապետին որոշումը չեղեալ կը համարուի, իսկ Ներման հարցերով յանձնախումբին՝ 27 Դեկտեմբեր 2019ի վաղաժամկէտ ազատման շնորհումը կը վերականգնի: Յանձնախումբին կը յանձնարարուի՝ «Շարունակել վաղաժամկէտ ազատման իր սովորական ընթացակարգերը, եթէ որոշումը ընդունուելէն ետք՝ 30 օրուան ընթացքին, յանձնախումբը բարեխղճօրէն չհաստատէ, թէ վաղաժամկէտ ազատման վերացման պատճառ կայ եւ այդ գծով նախաձեռնէ համապատասխան վարոյթի՝ հարցը պարզելու համար»:
Նահանգապետ Նիւսըմ որոշեց չբողոքել դատաւորի վճիռին դէմ՝ թոյլ տալով, որ ուժի մէջ մտնէ ներումը, որմով Սասունեան շուտով ազատ կ՛արձակուի…
Իմ կարծիքով՝ բռնութիւնը երբեք արդարացուած չէ՝ անկախ անոր պատճառէն: Գլխաւոր հիւպատոս Արիքանը մեղաւոր չէր հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած Ցեղասպանութեան մէջ: Ան նոյնիսկ ծնած չէր Ցեղասպանութեան տարիներուն: Հայերը պահանջներ ունին Թուրքիոյ կառավարութենէն, այլ ոչ թէ անհատ թուրքերէ: Սասունեան գործած է յանցանք մը, որուն համար ալ պատժուած է գրեթէ 40 տարուան բանտարկութեամբ: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Սասունեանի ազատ արձակման մասին բողոքները համոզիչ չե՛ն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2020ին ճնշում գործադրեց Ամերիկայի Դաշնակցային կառավարութեան վրայ՝ յորդորելով նահանգապետ Նիւսըմը, իսկ նախապէս՝ 2017ին, նահանգապետ Պրաունը, որ մերժեն Ներման հարցերու յանձնախումբին որոշումները՝ Սասունեանը ազատ արձակելու վերաբերեալ: Առաւել եւս համոզիչ չեն, չըսելու համար՝ բոլորովին ամօթալի են, Ատրպէյճանի կառավարութեան բողոքները ընդդէմ Սասունեանի ազատ արձակման: Ատրպէյճան հերոսացուց մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը՝ հայ սպան իր քունին մէջ կացնահարած յանցագործը: Հունգարիոյ կողմէ արտայանձնուելէ ետք, Սաֆարով Ատրպէյճանի մէջ ոչ մէկ օր բանտ մնաց:
Վերջապէս, միանգամայն անընդունելի՛ է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չափազանց մեծ պատիժ պահանջէ թուրք մը սպաննած հայուն համար, մինչդեռ ինք կը շարունակէ տակաւին հերքել 1.5 միլիոն անմեղ հայերու զանգուածային սպանութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ ձեւով հատուցում կատարէ, այն ատեն միայն հայերը կրնան քննարկել՝ մէկ թուրքի սպանութեան համար ներողութիւն խնդրելու հարցը…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ