Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայ մամուլը, մասնաւորաբար՝ հայերէնով, գոյութենական խնդիր է Սփիւռքին համար: 15 միլիոնին ո՞ր տոկոսը կը հետաքրքրուի այս հարցով, նոյնիսկ՝ վերնախաւի:
Ժամանակավրէպ կ՛ըլլա՞մ, երբ ըսեմ, որ տպագիր մամուլը, մեր պարագային՝ հայատառ, եթէ հասնի հայերէն ընթերցողին, բաղդատած լսատեսողական մամուլին, ունի առաւելութիւն մը. զայն կը դարձնէ գործօն, մասնակից, երթալու դէպի տեղեկութիւնը, ընտրելու, վերստին ընթերցելու, իրադարձութիւնները ուշադրութեամբ դիտելու, ունենալու քննադատական դիրքորոշում:
Թուայնացած լրատուամիջոցը երկրորդական կրնայ դարձնել, կամ արդէն դարձուցած է, տպագիր մամուլը, որպէս տարածում եւ որպէս ընթերցող զանգուած: Անոր ընթերցողներու թիւը չնչին է բաղդատած ԿՈՒԿԸԼի, ՖԷՅՍՊՈՒՔի եւ ԹՈՒԻԹԸՐի: Բոլոր ժողովուրդներուն պէս, հայերն ալ կան թուային աշխարհին մէջ, ուր ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՄՈՒԼը տեղ չունի. կ՛ունենա՞յ օր մը: Հեռատեսիլը ոչ միայն պատկեր է, այլ լայնածիր տեղեկատուութիւն, նաեւ՝ արագ, պատկերին տակէն սահող լուրերով:
Այս նորարարութիւնները եւ յառաջդիմութիւնները կը սեղմեն ՀԱՅԿԱԿԱՆ եւ ՀԱՅԵՐԷՆ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼԻ ԴԱՇՏԸ: Ան հետաքրքրական տարածում չունի ծանուցումներ ընդունելու համար, իր առեւտրական-նիւթական միջոցները երբեք բաւարար պիտի չըլլան գոյատեւելու եւ զարգանալու համար:
Դասական լրատուամիջոցները,- տպագիր թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, թուային միջոցներ,- կ՛արձագանգեն: Միշտ աւելի տարածում ունեցող թուային միջոցները, կը դժուարացնեն տպագիր մամուլի գոյութիւնը, հայկականը` քիչ մը աւելի:
Հայերէն մամուլին ապագան իր անհրաժեշտութեամբ կ՛երաշխաւորուի: Այս չ՛ենթադրեր, որ ան բացակայ պիտի ըլլայ թուային միջոցներէն (I-Phone, tablettes): Այս ընելու համար տպագիր մամուլը պիտի շարունակէ զուգահեռաբար լուր սփռել, հետեւիլ կեանքին: Գիրը, գրաւորը կը մնան, բայց էջին պիտի ընկերացնեն ձայն, պատկեր, անմիջական լուրեր:
Ողջախոհութիւնը այլապէս պէտք է բնորոշէ տպագիր մամուլի ուղին, ոչ թէ զայն դիտելով անհետացման տեսանկիւնէ, այլ նոր տեսակի պատշաճեցման, ճարտարագիտական արդի միջոցներու օգտագործումով:
Մամուլի եւ հայ մամուլի գոյատեւումը կ՛առնչուի որակի, բովանդակութեան, ներկայացման, աշխատակիցներուն եւ ընթերցողներուն: Վերջիններուն պարագան մտահոգիչ է եւ կարեւոր. եթէ հայերէն ընթերցողի զանգուած չմնայ, հայերէն տպագիր մամուլը կ՛անհետանայ: Հետեւցնել, որ համահայկական չափանիշով հայախօսութեան եւ հայագրութեան ռազմավարութիւն պէտք է իրականացնել, շաբաթավերջի կամ մէկ ժամեայ յիշատակի հայերէնի ուսուցումէն տարբերը ստեղծելով, նպատակասլաց ներդրումով դէմ երթալ շրջապատի քաղաքակրթական եւ մշակութային ճնշումներուն, արմատախիլ ընելով «հայերէնը փոր չի կշտացներ» ազգավնաս եւ պարտուողական ընտրանքը:
Կրկնութեան գնով պէտք է խօսիլ որակի մասին: Տպագիր հայերէն մամուլը, վաղը այսօրուընէ աւելի, գրուածի որակ պէտք է ունենայ, որպէսզի ընթերցողը շրջապատի որակին երբ բաղդատէ, արժէք տեսնէ, հայկական եւ միջազգային առումով: Եւ կը կանգնինք հիմնական խնդրի մը առջեւ. ՈՐԱԿԸ ԳԻՆ ՈՒՆԻ, ՍՈՒՂ Կ՛ԱՐԺԷ, ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԸԼԼԱԼ ՎՃԱՐԵԼՈՒ:
Համաշխարհայնացման ընթացքին մէջ, հարց կրնայ դրուիլ, թէ ԻՆՉՈ՞Ւ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼ ՈՒՆԵՆԱԼ, ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՅՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ՀԱՍՑՆԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ:
Ընկերային ցանցերու հաստատած անիշխանութեան հետեւանքով ամէն բան կարելի է ըսել, ըսուածները նոյն արժէքը ունին, կը տարածուի շփոթ, կը չարաշահուի հանրային կարծիքը, մեծ պետութիւններէն մինչեւ փոքրերը, իշխանաւորներ եւ աւազակներ, փողոցը: Կը վարկաբեկուին մարդիկ, կը տարածուին սուտեր: Ընկերային ցանցերը դարձած են ապատեղեկատուութեան հարթակ, մեծերու եւ փոքրերու համար, ընկերութիւններու, պետութիւններու, կուսակցութիւններու, քաղաքական գործիչներու:
Միշտ բաղդատելին բաղդատել: Օրինակները միշտ օգտակար են մտածելու եւ կողմնորոշուելու: Անգլիոյ հզօր The Guardian թերթը եւս ենթակայ է գրաւոր մամուլի տասնամեայ ցնցումներուն: Կարենալ տեւելու համար, թերթը համացանցով ձրի կը տրամադրուի ընթերցողին, փոխարէնը՝ կոչ կ՛ընէ՝ նուիրատուութեան:
Կան ձրի տրամադրուող բազմաթիւ տպագիր թերթեր: Եթէ Սփիւռքի հայերէն թերթերու ետին ծանուցումներ ունենալու շուկայ ըլլար, կարելի էր այդ ճամբան ընտրել, գիծ քաշել բաժանորդագիներէն ստացուելիք եկամուտին վրայ: Հայերէն թերթի տպաքանակը հրապուրիչ չէ, ոչ ալ հայերէն թերթ ընթերցողներու թիւը:
Հայերէն թերթը կանգուն կը մնայ անհատ նուիրատուներու եւ զօրավիգ կանգնող կազմակերպութիւններուն շնորհիւ:
Սփիւռքի հայերէն թերթի դժուարութիւններուն վրայ պէտք է աւելցնել այն, որ տուեալ համայնքի,- եւ Սփիւռքի հայ թերթը համայնքային է,- հայերէն ընթերցողի համրանքի նուազումը պէտք է տեսնել համայնքին միշտ փոքրամասնութիւն ըլլալու տեսանկիւնէն: Սփիւռքի հայերէն թերթը, այսօր, ոչ մէկ ձեւով կրնայ յուսալ, որ տնտեսապէս ինքնաբաւ կրնայ ըլլալ: Կայ նաեւ այն, որ փոքրամասնութիւն համայնքի հայերէն ընթերցողները կը բաժնուին քանի մը թերթերու միջեւ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի խմբագրական կազմ, վարչութիւն եւ տպագրական ծախս:
Նախատեսութիւնները կը մղեն եզրակացնելու, որ հայերէն մամուլը կ՛ընթանայ դէպի անհետացում: Առանց տուրք տալու աժան խանդավառութիւններու, օտարալեզու հայկական մամուլը քարոզչական-լրատուականէ անդին չի կրնար անցնիլ, ինքնութեան եւ մշակոյթի պատուանդան չէ:
Այս յոռետեսութիւն չէ, վհատեցնելու համար չ՛ըսուիր: Կոչ է կացութիւնը ըմբռնելու, հակազդելու եւ համապատասխան կազմակերպութիւն յառաջացնելու, տոկալու, տեւելու եւ ուժ ըլլալու համար:
Ճիշդ է, որ հակառակ յոռետեսութիւններու եւ բացասական ազդակներու, Սփիւռքի մէջ կը շարունակեն լոյս տեսնել տպագիր հայերէն թերթեր: Անոնց տպաքանակը չի կրնար ապահովել անոնց գոյութիւնը:
Խնդիրը, զոր կը դիմագրաւէ հայկական Սփիւռքը, բազմաբնոյթ է: Պէտք է խօսիլ այս մասին, առանց զինաթափ ըլլալու: Եթէ ոչինչ ընենք, Սփիւռքը ժամանակ մըն ալ պիտի գոհանայ օտարալեզու տպագիր հայկական թերթերով, որոնք շուտով պիտի թուայնանան, ըլլան ծագումով հայերու օտարալեզու թերթ: Այդ է ժամանակի, միջավայրի, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու ճնշումը:
Ցարդ հայերէն մամուլը կը դիմադրէ, զիջումներով եւ խարխափումներով: Չ՛ուզեր անհետանալ: Անհետացման սպառնալիքը ուղղուած չէ այս կամ այն թերթին, այլ՝ հայերէն տպագիր մամուլին:
Հայերէն մամուլը պիտի կարենա՞նք օժտել միջոցներով, կառոյցներով, նիւթական եւ մարդկային, որպէսզի տոկայ եւ տեւէ:
Սփիւռքի հայ ղեկավարութիւնները, ոչ ընթացիկի վարչականները, պիտի կարենա՞ն եւ պիտի ուզե՞ն հայերէնախօսութեան եւ հայերէն ընթերցման ռազմավարութիւն մշակել եւ գործադրել: Առանց հայախօս զանգուածի, հայերէն տպագիր մամուլը, վաղը նաեւ՝ թուայինը, կ՛անհետանան, պատշաճեցման եւ արդիականացման ինքնարդարացման կարգախօսով թատրոն կը սարքուի, եւ վերջ: Այս տեղատուութեան հետեւանքները թերթի կամ թերթերու փակումէն անդին կ՛երթան: Կը մտնենք ինքնութիւնը կորուստի ուղի, ժամանակ մըն ալ յիշելով, որ «ծագումով հայ» ենք: Յետո՞յ…
Նոյնիսկ եթէ որդեգրուի թերթերը սոսկ թուային դարձնելու ընտրանքը, միշտ պիտի մնայ հայերէն գրողի եւ ընթերցողի հարցը, որ Սփիւռքի ազգային կազմակերպութեան եւ քաղաքականութեան առանցքին պէտք է գտնուի: Այս դասական կողմերու կամ զգացական հարենասիրութեան եւ հայաստանսիրութեան հարց չէ:
Հայերէն տպագիր մամուլի վերականգնումին եւ աշխուժացման համար անոր բովանդակութեան վերարժեւորումը պայման է: Երբեմն պէտք է մտածել, որ հայ գրականութեան, հայ քաղաքական միտքի եւ հայ ազատագրական շարժման պատուանդան եղաւ հայերէն տպագիր մամուլը, այսինքն ան սոսկ լրատուամիջոցի դերէն աւելի կատարեց, ղեկավարեց հայ կեանքը, մարդիկ զայն կը լսէին: Այդպէս էին նաեւ Սփիւռքի հայերէն թերթերը, որոնք այսօր ալ կան:
Այսօր ընթերցող զանգուածը հեռացած է կամ նուազած, տեղատուութիւններու պատճառով: Հայ ընթերցողը կը սպասէր, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ պիտի ըսէր թերթը: Այսօր չկան այդ ընթերցողները: Ինչպէ՞ս վերստեղծել «թերթը ի՞նչ կ՛ըսէ»ն սպասողները: Կրկին խորհիլ որակի մասին:
Մեր համրանքը եւ խմբուածութեան պակասը մեզ ենթակայ կը դարձնեն Google, Apple, Facebook եւ Amazon (GAFA) քառեակի ճնշման: Գիտակցելով այս կացութեան, եւ օգտուելով ճարտարագիտական նուաճումներէն, որոնց մասնագէտ հայածնունդները կան եւ կը ծառայեն իրենց բնակած երկիրներու կառոյցներուն մէջ, ղեկավարութիւնները պէտք է պատշաճին: Պատշաճիլ չի նշանակեր անձնատուր ըլլալ, այլ օգտագործել հնարաւորութիւնները, իմաստուն ներդրումներով եւ ճիշդ մարդոցմով:
Եթէ այս գաղափարական-ազգային-քաղաքական անհրաժեշտութենէ բխելիք ռազմավարութիւնը այսօր չմշակենք եւ չգործադրենք, Սփիւռքի հայերէն-հայկական մամուլը ժամանակ մըն ալ կը տեւէ որպէս թաղային կազէթ…, այնպէս ինչպէս ժամանակին կային կրօնական-մարդորսական «թռուցիկ»ներ եւ «պրակ»ներ:
Առանց հայերէն եւ հայատառ մամուլի, ի՞նչ կ՛ըլլան Սփիւռքի աշխարհատարած հայկական համայնքները:
Իրատես, անկողմնակալ, ոչ-գիտոսիկ, ոչ-սոփեստ պատասխան գտնել, առանց ինքնարդարացման ճապկումի: