ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Ապրիլին, Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, յանցադէպի բացակայութեան հիմքով՝ դադրեցուց քրէական հետապնդումը «Մարտի 1»ի գործով ամբաստանեալներ՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, զինուած ուժեր նախկին ընդհանուր հրամանատար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Եուրի Խաչատուրովի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գէորգեան նկատմամբ:
Դատարանը որոշում տուաւ կրճատել անոնց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքներու քրէական գործի վարոյթը: Դատարանը յայտարարեց, որ Ռոպերթ Քոչարեան, Սէյրան Օհանեան, Եուրի Խաչատուրով եւ Արմէն Գէորգեան արդարացուած են: Որոշումը կարելի է բողոքարկել Վերաքննիչ դատարանին մօտ:
Դատախազութիւնը այլ դիմում մը ներկայացուց Սահմանադրական դատարանին՝ միջնորդելով կասեցնել գործի վարոյթը: