ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը Երկուշաբթի երեկոյեան հաղորդեց, որ Իրանի իշխանութիւնները Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ ձերբակալած են իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան հաշւոյն գործող լրտես մը:
Ձերբակալուած են նաեւ այլ երկիրներու հետ գործակցող քանի մը ուրիշ լրտեսներ։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։