«Մեր մարտահրաւէրն է՝ համոզել ժողովուրդը, որ ամէն գնով մասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն», ըսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի յայտագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլէան 6 Ապրիլին, Սեւանի մէջ, «Հայրենիքի փրկութէան շարժում»ի հանրահաւաքէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումին՝ յայտեց, թէ ՀՅԴն որոշում չէ տուած, թէ ընտրութիւններուն ի’նչ ձեւաչափով պիտի մասնակցի։ Սաղաթէլեան նախապէս նաեւ յայտարարած էր, որ կը շարունակէ համոզուած մնալ, թէ պէտք չէ ընտրութիւններ տեղի ունենան։
«Ընտրութիւն նշանակուած չկայ, կայ ընդամէնը ընտրութիւնների մասին յայտարարութիւն: Հաշուի առնելով այս մարդու (Փաշինեանի) անցած ճանապարհը, վարքագիծը, ես շարունակում եմ պնդել, որ հնարաւոր է ընտրութիւններ չլինեն», յայտնեց Սաղաթէլեան։
«Երբ որ ինքը (Փաշինեանը) կը տայ հրաժարական, 14 օրուայ ընթացքում նոր վարչապետ չի ընտրուի, կը լուծարուի խորհրդարանը, կը նշանակուեն ընտրութիւններ, այն ժամանակ էլ կը մտածենք ընտրութիւններին մասնակցելու մասին», աւելցուց Սաղաթէլեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի յայտագիրի հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան նիւթին, ՀՅԴ Հայ Դատի աշխատանքներուն, Արցախի հիմնահարցին եւ առաջնահերթութիւններուն, եւ այլ հարցերու։ «Արցախի պարագային, ունինք երեք կարեւոր հարցեր. կարգավիճակի հարց, սահմաններու վերականգնում, գերիներու վերադարձ», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: