ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի նախաձեռնած մարզային այցելութիւններու ծիրին մէջ, 9 Ապրիլին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հրազդանի մէջ, ուր շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ ցարդ կատարուած աշխատանքին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Ան դիտել տուաւ, որ 10 Նոյեմբերի խայտառակ պարտուողական յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ իրենք կազմակերպեցին հանրահաւաք եւ պահանջեցին իշխանութեան հեռացումը, որովհետեւ այս իշխանութեան հեռանալու պարագային կարելի է նոյնիսկ այդ` 10 Նոյեմբերի խայտառակ փաստաթուղթին մէջ ուղղումներ կատարել, ինչ որ բաներ փոխել։
Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ զգուշացուցած էին, որ երկրին իշխանութեան ղեկին յայտնուած այս խմբակը մեր երկիրը պիտի տանի կործանման, եւ, դժբախտաբար, ատոր մէկ մասը արդէն իրականութիւն է:
«Ի՞նչ տեղի ունեցաւ. նախ` պայքար ազգային արժէքների դէմ, եկեղեցու, հայոց լեզուի, մշակոյթի, կեղծ խաղաղասիրական տարբեր լօզունգների տակ հասարակութեանը բաժանեցին սեւերի, սպիտակների, այս ատելութիւնը, որ Հայաստանում երբեք այս մակարդակի չի եղել, նաեւ յստակ պայքարելով բանակի դէմ, չտիրապետելով բանակի եւ ռազմաճակատի իրավիճակին բերեցին, հասցրին պատերազմի: Իսկ պատերազմի ընթացքում ցուցաբերեցին դաւաճանութիւն, անգործութիւն եւ դրա հետ կան հրապարակուած բազմաթիւ փաստեր, որոնք բերեցին, հասցրին այս վիճակին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ անցնող ամիսներուն կազմակերպուած բազմաթիւ շարժումներուն, բողոքի ցոյցերուն, հանրահաւաքներու, որոնց զուգահեռ արձանագրուած են բազմաթիւ քրէական գործեր, ձերբակալութիւններ, քաղաքացիներու նկատմամբ հետապնդումներ, սակայն փաստը այն է, որ այսօր այս իշխանութիւնը դեռ չէ հեռացուած:
«Մեզ յաճախ մեղադրում են, որ շատ կտրուկ, ծայրայեղ քայլերի չենք դիմել այս իշխանութեանը հեռացնելու հարցում, բայց մենք մեր ողջ գործունէութեան ընթացքում առաջնորդուել ենք մի կարեւոր սկզբունքով` որ վերջապէս իրենք չեն մտածում մեր երկրի մասին, իրենք չեն մտածում նոր արիւնահեղութեան, քաղաքացիական պատերազմի, երկիրը նոր ցնցումների տանելու մասին, բայց մենք միշտ հաշուի ենք առել այդ ամէնը, որովհետեւ գլխաւոր նպատակը սրանց հեռացնելը չէ, գլխաւոր նպատակը երկիրը փրկելն է: Սրանք պարզապէս խոչընդոտ են, ուռուցք են այդ ճանապարհին, որից պէտք է շուտ թէ ուշ ազատուել», շեշտեց Սաղաթէլեան:
Ան նկատել տուաւ, որ այս իշխանութիւնները ներկայիս ալ հանդէս եկան ընտրութիւններ իրականացնելու յայտարարութեամբ, ինչ որ Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս փաստ չի նկատեր, որ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Սաղաթէլեան նշեց, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին մէջ ընդգրկուած են առաւել քան 17 կուսակցութիւններ եւ անհատներ, ու իւրաքանչիւրը տարբեր մօտեցում ունի: Շարժման որոշ ուժեր յայտարարած են, որ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն եւ այդ միջոցով այս իշխանութիւնները հեռացնեն, իսկ այլ ուժեր, օրինակ՝ Դաշնակցութիւնը, յայտարարած են, որ իրենց դիրքորոշումը կը յայտնեն այն ժամանակ, երբ ճշդուին այդ ընտրութիւնները:
«Մենք պնդում ենք, որ ճիշդը` այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան այլ վարչապետի կազմակերպմամբ, այսինքն, մի մարդու, ով այդ ընտրութիւններին յատուկ շահագրգռուածութիւն չունի եւ այդ ընտրութիւններին չի առաջադրուելու», բացատրեց ան, մանաւանդ որ գործադիր իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ պետական բոլոր լծակները օգտագործելու իր ընտրութեան համար։
«Այս իմաստով այն, ինչ մենք առաջարկել էինք, որ այս իշխանութեան հեռացումից յետոյ պէտք է լինի ժամանակաւոր կառավարութիւն` Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, որ չմասնակցի յաջորդ ընտրութիւններին, եւ շահագրգիռ կը լինի արդար, թափանցիկ ընտրութիւններ անցկացնելու: Բայց իրենք գնում են այլ ճանապարհով` վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, Ազգային ժողովն լուծարուի, բայց կառավարութիւնը եւ վարչապետը շարունակեն պաշտօնավարել: Արդէն մեզ համար ակնյայտ է, որ, սկսած այս քաղաքից, վերջացրած ամբողջ հանրապետութեան տարածքով` մարզպետներ, նախարարներ, պետական չինովնիկներ լծուած են ընտրութիւնները կազմակերպելու աշխատանքին, իրենց բուն խնդիրները, պարտականութիւնները, մեր երկրի բազմաթիւ հոգսերը թողած` ամբողջ պետական ապարատը լծել են ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ վերարտադրուելու համար», ըսաւ Սաղաթէլեան, նաեւ ընդգծեց, որ այդ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ ոչ թէ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու միջոց, այլ այդ ընտրութիւներէն ետք երկրին մէջ ճգնաժամը աւելի պիտի խորանայ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ Փաշինեան այդ աթոռէն պիտի չբաժնուի, պատրաստ է ամէն ինչ տալ, բացի այդ աթոռը։
Սաղաթէլեան վստահեցուց, որ այնքան ատեն որ Նիկոլը կայ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը կայ: