
Լուսանկարները՝ hetq.am
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 8 Ապրիլին, Երեւանի «Թերլեմեզեան» ցուցասրահին մէջ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի` արցախեան 44օրեայ պատերազմին ընթացքին նկարուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան: «Այս լուսանկարներից իւրաքանչիւրը պատմութիւն է` մեր ապրած ու չապրած օրերի, մեր կորուստների, ցաւի, սպասումի եւ միաժանակ` ապրելու վճռականութեան մասին: Այս լուսանկարները մեծ ասելիք ունեն մեզ ու աշխարհին», ըսաւ ան:
Ներկաներուն իր սրտի խօսք յղեց լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան, որ ըսաւ. «Պատերազմի օրերին տարբեր մարդիկ ինձ ասում էին` ի՜նչ լաւ ֆոտոներ ես անում: Ես էլ պատասխանում էի` երանի չլինէին այդ ֆոտոները, կամ խաղաղութեան, սիրոյ մասին պատմէին»։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Համազգային հիմնադրամի տնօրէն Սպարտակ Ղարաբաղցեան, «Փ. Թերլեմեզեան»ի անուան ուսումնարանի տնօրէն Աննա Մնացականեան, Դաւիթի լուսանկարներուն մէջ պատկերուած, զոհուած հերոսներէն մէկուն` Կոլեա Նիկողոսեանի ծնողները:
Երգչուհի Սիւզաննա Մելքոնեան ձեռնարկին ընթացքին հանդէս եկաւ ազգային-հայրենասիրական երգերով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են շուրջ 100 լուսանկարներ` Արցախի զանազան վայրերէ, ուր ընթացան թէժ մարտեր:
Լուսանկարիչը նկարած է նաեւ թիկունքը` աւերուած քաղաքներ, ծննդատուն, հիւանդանոցներ, եկեղեցի, ապաստարաններ, սպասող մայրեր, կանայք եւ մանուկներ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնան մինչեւ 18 Ապրիլ:



