ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Մեր հացը հարամ ընող՝ ազերիին, թուրքին, վրացիին, պարսիկին, հրեային ու ռուսին կողքին, ուրի՛շ մըն ալ ունինք, որուն անունը կու տանք ու սուսիկ-փուսիկ կ՛անցնի՜նք: Շատ-շատ գլուխնիս կ՛օրօրենք: Մենք հոս քանի՛ ցեղ իրար անցեր ենք, ան ինչ որ ըսէ՝ չենք կրնար առարկել: Ինքը անյայտ է՝ յայտնութիւններ կ՛ընէ, Քարթ Պլանշ կու տայ չարերուն:
Ձայն չունի՝ իշխանաւորներուն յոխորտալ կու տայ: Ականջ չունի, որ լաց ու հառաչ, շէնքերու քանդում, թնդանօթի պայթիւն ու տրօնի հարուած լսէ: Մէկ աչք ունի՝ ամէն բան կը տեսնէ: Միայն երկու նօթա գիտէ՝ մեր երգերը լռեցուցեր է: Ձեռք չունի՝ սահման կը գծէ: Չունեցած յօնքերը կը պռստէ՝ «քանի որ զիս կարեւոր կը համարէք՝ ցուցմունքս պէտք է կիրարկէք», կ՛ըսէ: Իր մասնագիտութիւնը սովետական աշխարհագրութիւնը ըլլալուն՝ հայոց աշխարհը իրար անցուցեր է:
Անունը «Ճի.Փի.Էս.» է: Քանի՜ հոգի գիտէ մեր գլխուն Դամոկլեան Սուրի պէս կախուած «Ճի.Փի.Էս.»ին գործելաոճը ինչ է: Ո՞ւր ծնած է, ե՞րբ յայտնուեցաւ: Հետապնդած նպատակը յայտնի դարձաւ արդէն: Հարկաւ բարդ ու խճճուած բան մը ըլլալու է: Մեր ինքնաշարժի «Ճի.Փի.Էս.»ը ելակէտդ գիտէ, մեկնակէտիդ ուղղութիւնը կու տայ, երբեմն մանուածապատ ճամբաներ կը նշէ, որ կը հեռացնէ կը բարդացնէ նշանակէտդ: Պէտք է պահ մը առանձնանաս, վեր-վար ընես, որովհետեւ միշտ չէ, որ անոր խելքը գլուխն է:
Ես ալ ունիմ քաղաքական «Ճի.Փի.Էս.» մը: Իմս ամբողջ Հայաստանը, Արցախը, Արեւմտահայաստանը ծայր-ծայր կ՛ընդգրկէ: Թուրքին խլածը մեր կողմը կը դարձնէ. Արարատը մեզի կը վերադարձնէ: Արդարամիտ է:
Խիստ անհրաժեշտ բան մը կ՛ընենք, եթէ ա՛յս «Ճի.Փի.Էս.»ը հասցնենք Փութինին, որ ձիու մը վրայ նստած, կուրծքը բաց՝ որսի կ՛ելլէ յաճախ: Վայրի կենդանիներ որսալ շատ լաւ գիտէ: Թակարդը կը լարէ, կենդանիին կը գոհացնէ՝ մէկ կողմ կը կենայ: Անոր փորը կուշտ՝ մրափած պահուն կը հարուածէ՛ կը սպաննէ: Ձուկ որսա՞լը – խայծը կը նետէ, ձուկը կը կարծէ, թէ կեանքը պիտի երկարի. խո՛ւբ, կը խեղդուի: Անոր ալ վերջը անանկ կու գայ:
Հարցը՝ ճիշդ «Ճի.Փի.Էս.»ը ճիշդ տեղը հասցնելն է: Կարեւոր չէ, եթէ ժամանակը քիչ մը ուշ է: Աշխարհահռչակ հայ գիտնականներ ունինք. Հրատ հասնելու ճամբան իսկ գտած են: Այնքան ատեն, որ «Ճի.Փի.Էս.»ին մնացեր է մեր հողերուն ճակատագիրը եւ հետեւաբար մեր հալ ու մաշ ըլլալը, մեր գիտնականները պէտք է մթնոլորտին մէջ ծուարած ալիքները խառնշտկեն, հայոց պատմութեան կայծակներն ու օգոստափառ գարունները ուսումնասիրեն, եւ ուրկէ՛, որ հայկական յիշատակներու ծուխ կը բարձրանայ՝ անո՛նք դնեն «Ճի.Փի.Էս.»ին մէջ իբրեւ մեր սահմանները:
Քանի որ «Ճի.Փի.Էս.»ին խօսքը խօսք է՝ վերը յիշուած թշնամիները՝ յերիւրանքներու, բռնութեան, գազանութեան, ամբարտաւանութեան, անյագութեան, սուտի եւ կեղեքումի մեղքերէն կ՛ազատին, (բայց տակաւին դժոխք կ՛երթան): Մենք ալ կը վերադառնանք խաղաղութեան ծոցը եւ կ՛արծարծենք մշակոյթի բոցը: Բայց չենք մոռնար, օ՜ չենք մոռնար, մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն մեզի տուած խոցը:
Ճշմարիտ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Շիրազ կ՛ըսէ հիմա.
«Մենք խաղա՜ղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք` հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
…Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք` հողմերի պէս կը կորչէ՛ք վայրագ»: