
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը 23-25 Ապրիլին պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, NBCLX կայանէն։
Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիին ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:
Ստորեւ ցուցադրութիւններու ժամանակացոյցը.
– 23 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 4-5
– 24 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9-10 եւ երեկոյեան ժամը 6-7
– 25 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 1-2, կ.ե. ժամը 3:30-4:30 եւ երեկոյեան ժամը 8-9
Լոս Անճելըսի մէջ NBCLX-ը ձրիաբար տրամադրելի է 4.3 ալիքէն, Roku-ի եւ Peacock-ի միջոցաւ կամ LX.com կայքէն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.lx.com/where-to-watch/ կայքէջը։