ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով, առաւել քան 40 գաղութային կազմակերպութիւններու հովանիին տակ ի մի եկած Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ մարմինը (UACLA), նկատի ունանալով համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները, այս տարի որոշեց կրօնական արարողութեամբ մը ոգեկոչել Ցեղասպանոթեան զոհերուն յիշատակը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640), առաջնորդութեամբ համայնքին տարբեր յարանուանութիւնները ներակացնող հոգեւորականներուն։
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ մարմինը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ ոգեկոչման այս արարողութեան մասնակցելով՝ հաստատէ իր նուիրումը Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն յիշատակը յարգելու եւ արդարութիւնը վերահաստատելու ջանքերուն։
Լոս Անճելըսի Հայկական Միացեալ Մարմին