ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցքը» գրաւելու մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նորագոյն սպառնալիքներուն:
Զախարովա նշեց, որ Մոսկուա կողմերուն կոչ կ՛ընէ՝ ձեռնպահ մնալու վրէժխնդիր տրամադրութիւններէ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ, որ կրնայ տարածաշրջանը դարձեալ պատերազմի եզրին հասցնել:
«Կը յորդորենք պահպանել 9 Նոյեմբերին եւ 11 Յունուարին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` յիշեցնելով, որ տարածաշրջանին մէջ փոխադրական միջանցքներու ապաշրջափակումը եւս կը տեղաւորուի այդ համաձայնութիւններու տրամաբանութեան մէջ», ըսաւ Զախարովա։