ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած են շուրջ 2200 անձեր: Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան՝ խօսքը կը վերաբերի պետութեան գնած AstraZeneca եւ Sputnik-V, ինչպէս նաեւ աւելի կանուխ Ռուսիոյ նուիրած Sputnik-V պատուաստներուն մասին է:
Առայժմ պատուաստուելու կարելիութիւն ունին միայն վտանգուած խումբերու մաս կազմողները` բժշկական աշխատակազմ, 65 տարեկանէն վեր անձեր, հիւանդներ, տարեցներու խնամքի կեդրոններու բնակիչներ եւ աշխատակիցներ եւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններու աշխատակիցներ: Պատուաստումները անվճար են եւ կամաւոր: