ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Տաւուշի մարզ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցեցաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի վերաբերող շարք մը հարցեր:
Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Տաւուշի մարզային կեդրոնին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Դաշնակցութեան Տաւուշի կառոյցի անդամներուն հետ. քննարկուեցան քաղաքական եւ կազմակերպական բնոյթի հարցեր: