ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը 26 Ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ 2020ի Մարտ ամսուան կէսէն ի վեր, հետեւելով «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) համաճարակի զգուշացման միջոցառումերուն, դադրեցուցած են բոլոր սկաուտական, մարզական (փորձերը եւ մրցումները) եւ մշակութային յայտագիրերն ու աշխատանքները:
Կացութեան բարելաւման շնորհիւ, վարչութիւնը սկսած է քայլեր առնել՝ իր գործունէութիւնը աստիճանաբար վերսկսելու նպատակով, հետեւելով առողջապահական մարմիններու ցուցմունքներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, 45 տարիներէ ի վեր, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ փառատօնը մեծ ոգեւորութեամբ տեղի կ՛ունենան 4 Յուլիսի շաբաթավերջը եւ դարձած են հմայնքիս մեծագոյն նախաձեռնութիւնը, համախմբելով հազարաւոր հայորդիներ:
Սակայն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մարզախաղերուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի զանազան նահանգներէ ՀՄԸՄականներ եւ այն իրականութիւնը, որ համաճարակը բոլորին մէջ ցարդ կարելի չէ եղած հակակշռի տակ պահել, Շրջանային վարչութիւնը որոշած է այս տարի եւս չկազմակերպել Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը, Յաղթանակի պարահանդէսը եւ փակման հանդիսութիւնը, մեկնելով առողջապահական նկատառումներէ: