ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա․- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտութեան ծրագիրին, Շաբաթ, 1 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:30, միջազգային առցանց գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ՝ նուիրուած Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» հետեւանքներուն։
«Բռնապետութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ «ամբոխավարութիւն»» խորագրուած գիտաժողովին պիտի մասնակիցին դոկտ․ Արմէն Բայբուրդեան, դոկտ․ Կիորկի Տէրլուկուեան, Լիլիթ Գէորգեան, դոկտ․ Անդրանիկ Գասպարեան, դոկտ․ Աննա Օհանեան, դոկտ․ Ներսէս Քոփալեան, Փաւել Քոչիյէլնի եւ դոկտ․ Վահրամ Տէր Մաթէոսեան։
Գիտաժողովին հետեւելու համար այցելել կայքը։