ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Երկուշաբթի օրը տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձան նաեւ Արցախի հիմնահարցին։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներու փոխանցած հաղորդումներուն՝ Փութին եւ Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնեցին, որ իրադրութիւնը կը մնայ հանգիստ եւ կը շարունակուի ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն գործադրութիւնը։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ համակարգելու Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման զանազան երեսները, ներառեալ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ջանքերը։
Միւս կողմէ, Էլիզէ պալատի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութին եւ Մաքրոն համաձայնեցան հանդէս գալ յստակ նախաձեռնութիւններով՝ Արցախի մէջ իրավիճակը կայունացնելու նպատակով։ Մաքրոն ընդգծեց պատանդներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն մէջ յստակ յառաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք, որ շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զրոյցներ ունեցած էր Փութինի եւ Մաքրոնի հետ, որոնք Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներէն երկուքի ղեկավարները կը հանդիսանան։ Համանախագահ երրորդ երկիրն է Միացեալ Նահանգները, որուն Երեւանի մօտ դեսպանը՝ Լին Թրէյսի «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ ներկայիս կան լուծում պահանջող բազմաթիւ հարցեր՝ ներառեալ Արցախի կարգավիճակը։