
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի տնօրէնութեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Անի Շահինեան-Սարգիսեան:
Շահինեան-Սարգիսեան երկար տարիներ ծառայած է ազգային վարժարաններու մէջ՝ Ֆերահեան եւ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարաններուն՝ իբրեւ կրթական մշակ եւ դաստիարակ: Ան մինչեւ այսօր անգլերէն կը դասաւանդէ, նաեւ վարչական աշխատանքներ տարած է Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանին մէջ:
Շահինեան-Սարգիսեան ընկերաբանութեան պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն, իսկ մանկավարժութեան-հոգեբանութեան մագիստրոսը՝ «Փեփըրտայն»էն:
Ան նուիրեալ ուսուցիչ է եւ գործունեայ անդամ՝ ազգային մեր կազմակերպութիւններուն մէջ: Ամուսնացած է եւ ունի մէկ դուստր:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին, նոր նշանակուած տնօրէնին եւ ամբողջ անձնակազմին:
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին