ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 29 Ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդէն Իթերվիքին: Դեսպանին կ՛ընկերանային Նորվեկիոյ պետական թէ եկեղեցական մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Վեհափառին հետ դեսպանին վերջերս ունեցած հանդիպման լոյսին տակ կազմակերպուած այս հանդիպումին նպատակն էր՝ քննել համայնքային կառոյցներու ընկերային-մարդասիրական ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն օգտակար ըլլալու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Սեդա Խտըշեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Նելլի Վէքիլեան:
Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց դեսպանին, որ, ընդառաջելով իր փափաքին՝ կազմակերպած էր սոյն հանդիպումը, ապա անդրադարձաւ հայ համայնքի կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական կառոյցներու գործունէութեան: Խտըշեան եւ Վէքիլեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն՝ յստակ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց անցնող տարուան ընթացքին մարդասիրական բնագաւառին մէջ կատարուած աշխատանքներուն գծով:
Կաթողիկոսը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած շինիչ քննարկումներուն համար եւ առաջարկեց, որ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը գոյանայ, որպէսզի ներկայ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն հետ աւելի գործնական մօտեցումով աշխատանքային ծրագիրներ մշակուին: