Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի տիրացու Նուպար Մելքոնեանի, Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, 23 Ապրիլի երեկոյեան առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգի արարողութիւնը, իսկ 24 Ապրիլի առաւօտեան Ս. պատարագ՝ ի յիշատակ Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Օրուան պատգամը յղեց հայր սուրբը, որ ըսաւ. «Կը հաւատանք Աստուծոյ արդարութեան եւ կը հաւատանք, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը լսելի պիտի դառնայ։ 24 Ապրիլը տօնն է հայ ազգի յարութեան, որովհետեւ, ինչպէս Քրիստոս իր չարչարանքով, մահով եւ յարութեամբ կեանք պարգեւեց մարդկութեան, նոյնպէս Մեծ Եղեռնի զոհերը իրենց նահատակութեամբ յարութիւն տուին հայ ազգին եւ մեր գոյատեւման երաշխիքը դարձան: Ան շեշտեց, որ պահանջատիրական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական արդար հատուցում: Ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ կասեցնել հայ ժողովուրդը իր յաղթական երթին մէջ, եւ որքան դժուար ըլլայ ճամբան, այնքան աւելի պիտի զօրանան մեր կամքն ու հաւատքը»:
Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց:
Միւս կողմէ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 23 Ապրիլին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով աննախադէպ երթ՝ մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն, ՀՄԸՄականներու եւ հարիւրաւոր երիտասարդներու: