ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Քորոնա»ի համաճարակին հետեւանքով, տան չորս պատերուն մէջ փակուած, մէյ մը գիրք կը կարդաս, քիչ մը հեռուստատեսիլի հաղորդումներուն կը հետեւիս, ու երբ ի՜նչու ի՜նչ պատճառներով՝ համացանցի կոճակներէն կը փորձես ինքզինքդ հեռու պահել, անզգալաբար կ՛իյնաս անցեալիդ գիրկը։
Վերջերս էր, չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, եղբօրս Հրանդին ուսանողական տարիները վերյիշելով՝ ուրտեղե՜րը հասայ… սկսած՝ տասնչորս տարեկանէն, երբ օր մը դպրոցի վիճակացոյցը տուն բերած, մօրս չսպասուած նեղութիւնը աչքիս առջեւ պատկերանալով, ականջիս մէջ՝ «Տղա՛ս, այս ինչ նիշեր են, այս ձեւով կրնաս դասարան կրկնել», խօսքերը հնչեցին. ու իրեն չափ հաւասարապէս ես ալ անակնկալի եկած, ուսուցչուհիի հանգամանքս օգտագործելով, մօրս ձեռքէն վիճակացոյցը անմիջապէս առած՝ կը սկսիմ տրուած գնահատականները մէկ առ մէկ ստուգել։
Թուաբանութեան ու գիտական դասերուն մէջ արձանագրած փայլուն նիշերու կողքին, լեզուական նիշերը շատ տժգոյն կ՛երեւէին, ու մօրս դառնալով՝ «Եօթը զաւակներդ նոյնը չեն, մա՛մ, բայց մի մտահոգուիր, միայն լեզուի նիշերով ո՛չ դասարան կը բարձրացնեն եւ ո՛չ ալ դասարան կը կրկնեցնեն», ըսի, վստահեցնելով, որ ուսուցիչները, ի շահ աշակերտին, բոլոր նիւթերու մէջ երեւցած տկարութիւնը փրկելու համար մի՛շտ շինիչ թելադրանք մը կամ գործնական լուծում մը գտած են։
… ու շարունակեցի վերյիշել այն պահը, երբ զինք հսկողութեանս տակ առած՝ գրեթէ ամէն օր, դպրոցէն իրեն տրուած ուղղագրութեան յատուկ սորվելիք հատուած մը քանի՜, քանի՜ անգամ ընդօրինակել տալէ վերջ, երբ տակաւին սխալ գրուած բառեր ունեցաւ, այնքան հանդարտ ու պաղարիւն տղան ջղայնացաւ, ու սեւագրութեան թուղթը մէկ կողմ նետելով, ինծի դարձած․ «Ըսէ՛, այս մէկը ինչպէ՞ս ճիշդ կրնաս գրել»։ Մատնանշած բառին նայելով՝ կը նկատեմ, որ իսկապէ՛ս զայն մեսրոպեան ուղղագրութեամբ ճիշդ գրելու համար քանի մը անգամ սխալուելու հաւանականութիւններ կան։
Գի՞մ է, թէ քէ, բե՞ն է, թէ փիւր, է՞ է, թէ եչ, թո՞յ է, թէ դա։
Խնդրոյ առարկան «գմբեթ» բառն էր, բառ, որուն ճիշդ գրելու դժուարութիւնը առաջին անգամն էր, որ նկատեցի. ու երեսին նայելով՝ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի չըլլալով հանդերձ, հակառակ պզտիկ տարիքին, այնքան համարձակօրէն ըրած նկատողութեան համար, իր հաշւոյն, թուաբանութեան նիշերուն չափ աղուոր, բայց լռելեայն գնահատական մը մտքիս մէկ անկիւնը տեղ գրաւելով՝ «Այսօրուան համար հերիք է. սորվածդ, գիտցածդ ու նկատածդ կը բաւէ», ըսի։
Յետագային, այդ բառը ճիշդ սկսաւ գրել կամ ո՛չ, չեմ գիտեր, բայց շատ լաւ գիտեմ, որ հասունութեան տարիներուն, մէկու մը ունեցած հայերէն լեզուի մակարդակը գիտնալու համար կատակելով՝ միշտ կ՛ըսէր, «գմբեթ բառը գրել գիտե՞ս… ուրեմն…»։
Ներկայիս, ես ինքս ալ հեռուստատեսիլի պաստառէն հայաստանեան լուրերու վերնագիրները կարդալով՝ բառին ճիշդ գրուելու տարբերակը ռայի փոխարէն՝ րէո՞վ, կամ հոյի փոխարէն՝յիո՞վ պէտք էր գրուէր, պահ մը կը շուարիմ, չըսելու համար արեւելահայերէն գիրք մը կարդալէ վերջ, երկու ուղղագրութիւնները իրարու խառնած՝ ո՞րն է ճիշդը ու որ՞ն է սխալը…, ու մինչեւ ե՞րբ մէկ լեզու երկու ուղղագրութիւն պիտի ունենանք մտածելով՝ կ՛ընդվզիմ, բայց ապարդիւն…։
Վերոյիշեալ՝ ուղղագրութեան մասին Հրանդին հետ կապուած դէպքը միակը չէր, որ մտքիս մէջ տեղ գրաւած է։ Յաճախ կը յիշեմ, անոր կողքին ուրիշներ։ Երբե՛ք չեմ մոռցած ու պիտի չմոռնամ տակաւին, ամէն Վարդանանքի եռօրեայ արձակուրդներուն շուրջիններուն հետ ստեղծած տարակարծութիւնները… պատմական հետաքրքրութիւններ չունէր ան, ո՛չ ալ կեանքի փորձառութիւնը ապրած էր տակաւին, բայց ըստ սովորութեան, ինչպէս ամէն ինչի մէջ լաւ հաշուարկներ ընելով՝ այնքան վստահ կ՛ըսէր․ «Ինչո՞ւ կռուեցան …, ինչո՞ւ այդքան զոհ տուին… մէջերնին մէկը չկա՞ր, որ տարբեր ձեւով մտածեր, ու այդ պատերազմին առաջքը առներ. գիտէ՞ք ի՜նչ պատկառելի թիւ կրնայինք ըլլալ այսօր, որուն հետեւանքով մեծ ուժ դարձած՝ հաւանական էր, որ Ցեղասպանութիւն անգամ չունենայինք»։
– Կրօնքի համար կռուեցան», կը բարձրաձայնեմ, կը՛-րօ՛ն-քի՛..․
– Արդէն ամէն կռիւները կրօնքի տարակարծութիւններով սկսած են, կ՛աւելցնէ։
Օրին՝ այդ ամէն ըսածները տարօրինակ գտած՝ զինք մեղադրեցի, մինչեւ այն ատեն, երբ հայաստանեան հեռուստատեսիլի հաղորդաշարերէն մէկուն ընթացքին, որուն անունը հիմա չեմ յիշեր, «Վարդանանց պատերա՞զմ… ի՞նչ պատերազմ… նման բան գոյութիւն չունի. եղածը՝ օրուան զինուորական սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի ու պետական պատասխանատուներու միջեւ անհանդուրժողականութեան հարց է, ուրիշ ոչինչ…» լսեցի։ Ճի՞շդ էր լսածս… իսկ եթէ այդպէս է, ուրեմն ո՞ւր մնացին տարիներու ընթացքին այս ուղղութեամբ մեր սորվածը, գիտցածն ու զգացածը…ու անզգալաբար ոտքի ելած՝
«Տղմուտի ափերուն մօտ,
60 հազար կտրիճներով,
Զարկիր, զարկուար,
Ինկար քաջ-քաջ», աշակերտական գրասեղաններու վրայ սորված ու մինչեւ օրս տակաւին չմոռցած երգը մրթմրթալով՝ կը շարունակեմ Վարդանանց պատերազմին գոյութեանը հաւատալ, այլ հարց, թէ պատմաբանները երէկուան գիտցածդ ու տակաւին դպրոցներու մէջ սերունդէ սերունդ դասաւանդուածը գլխիվար դարձուցած՝ մէկ վայրկեանի մէջ այնքան դիւրին կը ջնջեն…։
Լաւ տրամադրութեամբ, տարուած յաղթանակը մտքիս մէջ, անգամ մը եւս կը վերադառնամ, այլեւս ինծի համար ընկեր դարձած՝ հեռուստատեսիլի պաստառին, ուր բոլոր կայաններէն հաւասարապէս սփռուած քաղաքական լուրերու ժամը հասած էր արդէն. ու «կռունկ, խապրիկ մը չունի՞ս» ի ակնկալութեամբ, անոնց զարգացումներուն հետ շունչս բռնած՝ ուշի ուշով կը սկսիմ մտիկ ընել , ու ափսո՜ս, նախորդ օրերուն պէս, ոչինչ փոխուած էր. տակաւի՛ն 44 օրուան պատերազմին դրդապատճառներն ու մանրամասնութիւնները զանազան տարբերակներով կը քննարկուին,տակաւի՛ն դեր ու դէմ հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին, տակաւի՛ն իրարու հանդէպ լարուածութիւն ու անհանդուրժողականութիւն կը սերմանուի, ու… ու….։
Գիտեմ, «պատմութիւնը ինքզինք կրկնած է միշտ», կ՛ըսեն, բայց ափ մը հողի վրայ, ափ մը ժողովուրդի կողմէ… քիչ մը շատ չէ՞. ու ամէն ինչ չկորսնցնելու վախէս թելադրուած՝ որուն համը շատո՜նց առած ենք արդէն, պատառ մը հողի տակը պառկած Հրանդ եղբօրս պէս, քիչ մը ուշ, բայց այս անգամ անպայման ես ալ պիտի ըսեմ․ «Մէկը, գոնէ մէ՛կը, ըլլայ ան հայրենիքէն թէ սփիւռքէն, չկա՞յ, որ ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ, բոլորը իր շուրջ հաւաքելով՝ կարենայ ՀԱՍԿՆԱԼ ՈՒ ՀԱՍԿՑՈՒԻԼ…»։
Անշո՛ւշտ որ կայ.
Փնտռենք, կը գտնենք…։