ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս», «Ապառաժ».- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած եղեռնագործութեան եւ արձանագրեց, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին եւ յետ-պատերազմեան շրջանին չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող բարբարոսական գործողութիւնները:
Մայր Աթոռը, դատապարտելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող մշակութային եղեռնագործութիւնը՝ հաստատեց, որ ասիկա անսքօղ արտայայտութիւն է հայատեացութեան, անհանդուրժողականութեան եւ թշնամանքի:
«Այսօր, յարաբերական խաղաղութեան պայմաններում, շարունակւում են թիրախաւորուել հայոց սրբավայրերը` նպատակ հետապնդելով վերացնել Արցախի պատմական մեր հողի վրայ հայկական ինքնութեան հետքերն ու վկայութիւնները: Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում արդէն իսկ ոչնչացուել են սրբավայրեր, պղծուել վանքեր ու եկեղեցիներ եւ վերացուել դրանց պատմական պատկանելիութիւնը հաւաստող արձանագրութիւններ, անարգուել խաչքարեր եւ նախնեաց շիրիմներ: Պատմութեան խեղաթիւրման եւ կեղծման ճանապարհով փորձեր են կատարւում իւրացնել այդ տարածքներում առկայ շուրջ 150 հայկական սրբատեղիները եւ աշխարհին ներկայացնել իբրեւ ուդիների կրօնական ժառանգութիւն: Օրեր առաջ յայտնի դարձաւ նաեւ վերանորոգութեան պատճառաբանութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդանիստի` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարի հոգեւոր խորհրդանիշները վերացնելու եւ գմբէթի վեղարը վայր բերելու փաստը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Ս. Էջմիածինը դիտել կու տայ, թէ, հակառակ հնչող յայտարարութիւններուն եւ արդարացումներուն, որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը չի կրնար որեւէ կերպով նպաստել տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ տեւական խաղաղութեան վերահաստատման: «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակի այս խնդիրները բարձրաձայնել միջազգային հանրութեան եւ պատկան կառոյցների առջեւ` կասեցնելու հայ ժողովրդի իրաւունքները ոտնահարող այս երեւոյթները», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը եւս իր կարգին խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ գմբէթներուն քանդումը: «Նկատելի է, որ Ադրբեջանը ամէն ջանք գործադրում է, որպէսզի իսպառ վերացուի հայ հոգեւոր-մշակոյթային ժառանգութիւնն Արցախի տարածքից, երբեմն վերանորոգման շղարշի ներքոյ անյաջող փորձեր գործադրելով Արցախից վերացնել հայ քրիստոնէական ժառանգութեան հետքերը: Կոչ ենք ուղղում միջազգային հանրութեանը դատապարտելու Ադրբեջանի սոյն մշակութակործան գործունէութիւնը եւ քայլեր ձեռնարկելու այս աւերիչ գործնթացը կասեցնելու համար», կը հաստատուի յայտարարութեան մէջ։