Սոնա Մատարեան
Մեր մեծերը կ՛ըսէին, թէ «հայ մնալը» մարտահրաւէր մըն է մեր ազգային գոյատեւման պայքարի ճամբուն վրայ:
Այսօր, մենք կ՛ըսենք, թէ «հայ պահելը», ներկայ դարուն, առաւել եւս մեծ մարտահրաւէր մըն է ազգային ինքնութեան պայքարի ճամբուն վրայ:
Պատմութիւնը հաստատած է, որ ազգային գետնի վրայ, իմաստուն եւ մեծահոգի նուիրեալներ մեծ հնարամտութեամբ եւ հեռատեսութեամբ հիմը դրած են միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու, որոնք պիտի գործէին եւ նուիրաբերէին մէկ հիմնական եւ սրբազան նպատակի համար՝ պահպանել Սփիւռքը, պահպանել հայրենիքի կարօտով շնչող ու տառապող սփիւռքահայ անհատի վարքն ու բարքը… եւ յաջողեցան աւանդական մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները առանձնաբար՝ իւրաքանչիւրը իր գծած ուղիին մէջ:
Ժողովուրդի կուսակցութիւնը դարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դար մը ամբողջ եւ մօտաւոր երեք տասնամեակներ շարունակ իր ուխտով՝ հաւատաց ու գործեց, հաւատաց ու նուիրաբերեց, հաւատաց ու փաստեց։ Յաջորդաբար սերունդներ գաղափարի ընկերներ ու համակիրներ դարձած, հաւատարիմ մնալով փոխանցուած ուխտին, քայլ պահեցին ՀՅԴի գծած ուղիին եւ գաղափարին, ուր ազգն ու հայրենիքը, որպէս միաձուլուած սրբութիւն, պաշտպանուեցաւ ու պահպանուեցաւ յետագային ստեղծուած քոյր կազմակերպութիւններու ջանքերով, որոնք հաւատարիմ ծառաները մնացին զիրենք ստեղծող կուսակցութեան հիմնադիր նուիրեալներուն: Յիշենք՝Հայ Օգնութեան Միութիւն՝ ՀՕՄ, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն՝ ՀՄԸՄ, Համազգային Մշակութային Միութիւն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն՝ ՀԵԴ եւ Հայ Դատի յանձնախումբ…Փառք ու պատիւ ձեզ՝ սրբազան գաղափարի ու գործի նուիրեալ հիմնադիրներ:
Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած եւ նոր կեանքի յարատեւութեան ուխտով դաճուած մեր ժողովուրդը, իր իսկ կորուսեալ հարազատներն ու երկիրը սգալով հանդերձ, զօրակցեցաւ ու միացաւ ստեղծուած հրաշք կազմակերպութիւններու շարքերուն եւ յաջորդաբար, այդ սէրն ու հաւատարմութիւնը փոխանցեց սերունդէ սերունդ, իր ընտանիքէն թէ շրջապատէն ներս: Լուսարձակի տակ պէտք է առնել նաեւ Հայ եկեղեցւոյ մեծ դերը, քրիստոնէական մաքուր հաւատքի եւ յոյսի ճամբով առաջնորդելու իր ժողովուրդի ցաւատանջ հոգին, լուսաւորելով զայն՝ Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի շարականներով ու աղօթքներով:
Հարկ է չմոռնալ, վիթխարի իր դերով դրոշմուած՝ հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը, պատուական իրենց դերով, որ ոչ միայն ուսուցանելով, այլ թրծելով ու կոփելով սերունդներ, ոսկեղինիկ Այբուբենի գիր ու գրականութեամբ, հայրենիքի արժէքով ու սիրով, ազգային ոգիով եւ նուիրումով, մշակութային արժէքներով եւ աւանդոյթներով…հպարտ հայու պատուաբեր կենցաղով ապրելու, գործելու եւ գոյատեւելու իրենց աւանդով:
Այսօր, հայ ուսուցիչն ու հայ դաստիարակը, առաւել մարտահրաւէրներով ծանրացած, սակայն առանց կռանալու, հաւատով ու գործով նուիրուած կը յառաջանայ հոսանքն ի վեր… նոր աշխարհի գրաւիչ եւ կլանող պայմաններու ընդմէջէն, անսքեմ «քարոզիչ»ի իր դերով հայաշունչն ու հայկականը փորձելով փոխանցել իրեն վստահուած ազգի ապագան, մատղաշ հայ մանուկին, պատանիին ու պարմանուհիին… Հայ ուսուցիչի դերը այսօր կարելի է նմանցնել այն ադամանդին, որ տակաւ առ տակաւ, ժամանակի ընթացքին սերունդներու փոփոխութեան հետ տաշուելով ու նոր փայլք ստանալով, անկոտրում կամքով, պիտի շարունակէ իր նուիրական ուխտը:
Մտորումներ… ժխտական եւ դրական․
Երբ տրամաբանութիւնը կը պակսի, քննադատութիւնը կ՛աւելնայ:
Երբ քննադատութիւնը կը շարունակուի՝ բացասական տրամադրութիւններ կը տարածուին:
Երբ շրջահայեաց դատողութեամբ կ՛առաջնորդուինք, անտեսանելի կարծուած դրականն իսկ կը տեսնենք:
Եւ երբ մեր մտահոգութիւնները առողջ դատողութեամբ կը ներկայացնենք եւ շինիչ քննադատութիւն կը տարածենք, յօգուտ մեր արդար եւ պատասխանատու հարցերուն, այն ատեն միայն կը կառուցենք առանց քանդելու ու կը պահպանենք արժէքը առանց կորսնցնելու:
Եկէ՛ք միասնաբար սերտենք ու ճանչնանք՝ հայ ուսուցիչի «անսպառ» կարծուած շունչը եւ նոր շունչ տալով մեծարենք մեր մատղաշ սերունդը դաստիարակող ու գիտութեամբ եւ մասամբ նորին սնուցանող համեստ ծառան, հայ ուսուցիչը ու ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ…:
Ի վերջոյ, ազգի մը գոյատեւումն ու պայծառացումը, ազգը կազմող պատասխանատու մարմիններու, հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու միասնական ջանքերուն վստահուած առաքելութիւնն է:
Մտորումներս կ՛աւարտեմ հետեւեալ հաստատումով, որ իւրաքանչիւր անհատ, եկեղեցական թէ աշխարհական, միութենական թէ ազգային գործիչ, ղեկավար թէ ծառայող, գրագէտ թէ հնարող, իր նախաքայլը կը սկսի դպրոցէն ու դաստիարակէն․ այս պարագային հայ ուսուցիչն է, որ հայ մանուկին մէջ հայեցի դաստիարակութեան հունտն ու աւիւնը ներարկելով կը հասցնէ զայն իր գագաթնակէտին, իր յաջողութեան եւ փայլքին:
Սերտենք ու ճանչնանք, եթէ պէտք է, ազգի բազկերակը կեանքի կոչող հերոսական ոգիով Հայ Ուսուցիչը: Մեր ազգային պայքարի յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ կենսատու աղբիւրը գալիքին…: