ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
«Կառավարութիւնը Պարտաւոր Է Ճանչնալ. Ցեղասպանութիւնը Ցեղասպանութիւն Է»։ Այսպէս է «Էքսպրեսըն» թերթի խմբագրականի խորագիրը 3 Մայիսի 2021ի համարին մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի տարօրինակ յայտարարութեան հետ կապուած քննարկումները կը շարունակուին Շուէտի մէջ։ Նախարարը թուիթըրեան մէկ գրառութեամբ «ցեղասպանութիւն»ը փոխարինած էր «խոշտանգում» բառով։ Պիտի փորձեմ կարճ ակնարկ մը կատարել Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործման եւ Շուէտի մէջ անոր ստեղծած արձագանգներուն մասին:
Երկար ժամանակ ես համոզուած էի, որ Շուէտի մէջ ոչ մէկը հետաքրքրուած է ցեղասպանութեան թեմայով, աւելին՝ ճանաչման պահի կարեւորութեամբ… ուստի կառավարութիւնը կրնար երկար տարիներ շարունակ իր սիրախաղը հանգիստ տանիլ Թուրքիոյ հետ:
Ես հաճելիօրէն զարմացած եմ յառաջացած հակազդեցութեամբ. այս վերջին օրերուն ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէս շարքային քաղաքացիներ, գործիչներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ, հեղինակաւոր թերթեր, կարծիք գրողներ, փորձագէտներ եւ մտաւորականներ սկսան դատապարտումի մեծ արշաւ՝ արտաքին գործոց նախարարին ցուցաբերած վատ դատողութեան դէմ:
Երկրի կարեւորագոյն թերթերէն մէկուն մէջ լոյս տեսաւ Orebro, Norrkoping, Eskilstuna, Sodertalje, Botkyrka շրջաններէն Ընկերվար-Ժողովրդավարներու կուսակցութեան խումբ մը քաղաքական գործիչներու նամակը, ուր անոնք կոչ կ՛ուղղեն իրենց կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ անդամներուն՝ ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այնտեղ կը կարդանք՝ «Յոյսը մեր կուսակցութեան հետ է: Առանց ընկերվար-ժողովրդավարներու մասնակցութեան՝ ճանաչում պիտի չըլլայ: Այժմ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընը յառաջ քաշեց այդ հարցը, պէտք է ակնյայտ ըլլայ, որ Շուէտ եւս պէտք է հետեւի անոր օրինակին: Հիմա ժամանակն է: Ընկերվար-ժողովրդավարներու միջազգային խիղճը, ճնշումներու դէմ ուղղուած մեր աշխատանքը եւ պատմութենէն դասեր քաղելու մեր ձգտումը, պէտք է արտացոլուին կառավարութեան որոշման մէջ, որպէսզի անիկա չկրկնուի:
Հիմա ընդունինք եւ ճանաչնանք Ցեղասպանութիւնը: Ոչ միայն այն պատճառով, որ մեր երկրին մէջ կան ու կ՛ապրին Ցեղասպանութենէն տուժած շատ մարդիկ, կամ այն որ ճանաչումի համար աշխատող շատ ուժեղ ձայներ կան, այլ այն պարզ պատճառով, որ անիկա ճիշդ եւ արդար քայլ է»:
Ամէն ինչ սկսաւ «Թուիթըր»ի վրայ, երբ Ապրիլ 24ին մի քանի ժամ Շուէտի մէջ massոovergrepp արտայայտութիւնը լուսարձակի տակ էր։ Անգլերէնով մօտաւորապէս mass abuse, իսկ հայերէնով՝ զանգուածային չարաշահումներ, խոշտանգումներ։ Զայրացած ձայներ կու գային ամէն կողմէ։
Շուէտ զայրացած է Անն Լինտէին, որ անխոհեմօրէն «ցեղասպանութեան» փոխարէն օգտագործեց շուէտացիներու համար անծանօթ՝ massovergrepp բառը: Նախարարը նոր բառ յօրինեց խուսափելու համար իր պատասխանատուութենէն։
Գրեթէ բոլոր մեծ լրատուամիջոցները անխտիր կը քննարկէին այդ հարցը, եւ կեղծաւորութեամբ մէջ կը մեղադրեն արտաքին գործոց նախարարը:
Իսկ արտաքին գործերու նախարարը բացակայ էր. ան կը հրաժարի տէր կանգնիլ իր իսկ բառերու ընտրութեան:
Ժամանակին Շուէտի մէջ ոչ մէկը գիտեր, թէ ինչ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մեր գաղութը երկար տարիներ փորձած է հասարակական կարծիք ստեղծելու կողքին նաեւ հասնիլ քաղաքական շրջանակներու. ես իմ կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով նկարահանած եմ 4 ֆիլմեր, որոնք ցուցադրուած են շուէտական հեռուստատեսուտեամբ:
Իսկ այսօր, նոյնիսկ շուէտական պետական ձայնասփիւռը, իր լուրերու ծրագրէն 15 րոպէ տեւողութեամբ քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։ 15 րոպէն երկար ժամանակ է։ Հրաւիրուած էր նաեւ փրոֆեսոր, պատմաբան, իրաւագէտ Օվէ Պրինկը, որ պարզաբանեց, թէ միակ խնդիրն այն է, որ կառավարութիւնը չի ցանկանար առճակատումի երթալ Թուրքիոյ հետ եւ այսպիսի բառախաղերով կը փորձէ խուսափիլ քաշքշուկներէ ու հնարաւոր հետեւանքներէ։ Ան նշեց, որ բոլորը գիտեն, որ Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւնը եւ միայն ու միայն ցեղասպանութիւն։
Այսօր իշխանութեան վրայ է Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան կառավարութիւնը, կուսակցութիւն մը, որուն բարձրագոյն համագումարը յստակ դիրքորոշում ընդունած է խնդրի վերաբերեալ եւ կառավարութեան յանձնարարած ոչ միայն ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ աշխատիլ եւ աջակցիլ անոր ճանաչման՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Երկարատեւ ջանքերն արդիւնք կու տան…
Բայց դեռ շատ ընելիքներ կան:
Ահա մի քանի վերնագիր գլխաւոր լրատուամիջոցներէն.
– Հանրային ճնշումը խստանում է Անն Լինտէի դէմ
– Տիկին արտաքին գործոց նախարար. Սա Ցեղասպանութիւն է
– Այլեւս յիմար խաղերու տեղ չկայ
– Անն Լինտէի թուիթին դէմ ուժեղ հակազդեցութիւններ
– Շուէտ պէտք է խօսի բարձր եւ պարզ եւ հետեւի Պայտընի օրինակին
– Անիկա Ցեղասպանութիււն էր Անն Լինտէ
– Ինչո՞վ զբաղուած է արտաքին գործոց նախարարը
– Քննադատութեան փոթորիկ արտաքին գործոց նախարարի հասցէին: