ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Արելեք»ի «Անկեղծ Զրոյց» յայտագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Արցախի ամբողջականութիւնը վերականգնելու տեսլականը եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը Դաշնակցութեան անմիջական ուշադրութեան առարկան են։
Անդրադառնալով Արցախ կատարած իր վերջին այցելութեան՝ ան ըսաւ, թէ այցելութիւնը կը հետապնդէր զանազան նպատակներ՝ քաղաքական իրավիճակին ծանօթանալ, քաղաքական բոլոր շրջանակներուն հետ հանդիպումներ ունենալ, հանդիպիլ ՀՅԴ կուսակցութեան շարքերուն հետ եւ ամէնէն անհրաժեշտը՝ տեսակցիլ ժողովուրդին հետ եւ անոր բացատրել կուսակցութեան օժանդակութեան ծրագիրները:
«Արցախի ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ իրենք առանձին չեն, եւ թէ աշխարհատարած հայութիւնը ամէնօրեայ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Արցախը եւ այդ ուղղութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ան շեշտեց, թէ ճիշդ է, որ կը տիրէ ընկճուածութիւն, բայց Դաշնակցութեան արտօնուած չէ յուսահատիլ, այլ պիտի շարունակէ պայքարը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախի ամբողջականութեան վերականգնման եւ ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութեան:
Հայաստանի մէջ ներքաղաքական զարգացումներուն առընթեր հակադաշնակցական արշաւի մը տարածուելուն գծով Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ սովորութեան վերածուած է հակադաշնակցութիւնը, որուն պատճառները զանազան են. հաւանաբար առաջինը՝ Խորհրդային ազդեցութիւնն է, որ արմատացուցած է հակադաշնակցական մօտեցումները, կայ նաեւ Դաշնակցութեան ամուր փարած ըլլալը հայկական արեւելումին՝ ազգային դիմագիծին ու արժէքներուն: Ըստ Տէր Խաչատուրեանի՝ պատճառներէն մէկն է՝ լուրջ գաղափարական տարբերութիւնը ապազգային նկարագիրով ներկայ իշխանութեան հետ:
«Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ գաղափար, Հայաստանէն երբեք չէր հեռացած», նշեց Տէր Խաչատուրեան՝ խօսելով 30 տարիներու ընթացքին ՀՅԴին՝ հայրենիք վերադառնալուն մասին, եւ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կային գաղափարակիցներ, որոնք Դաշնակցական եղան, եւ շաղկապումը արագօրէն տեղի ունեցաւ Սփիւռքի գործիչներուն հետ: Ըստ Տէր Խաչատուրեանի՝ Դաշնակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի յառաջընթացին վրայ եւ անիկա Արցախի գոյամարտին մէջ առաջնորդի դեր ստանձնած է:
Այսօրուան նոր աշխարհին մէջ, Դաշնակցութեան արեւելումին եւ հայկական արեւելումին գծով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ Փաշինեան, օգտուելով ժողովրդային ցասումէն եւ ժողովրդային ընդհանուր յուսալքումէն՝ կրցաւ տանիլ քաղաքական յաղթանակ, բայց թէ ուր պիտի առաջնորդէր երկիրը՝ յստակ չէր: Սակայն ՀՅԴն պահեց իր համոզումները՝ հայկական արեւելումը, մեկնելով հայ ժողովուրդի ու պետականութեան շահերէն: «Հակական արեւելում չի նշանակեր այլամերժութիւն: Շատ լաւ կը հասկնանք Ռուսիոյ կարեւոր դերը այս տարածաշրջանի մէջ, նաեւ այն իրողութիւնը, որ Հայաստան առանց Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշնակից ըլլալու, անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի», ընդգծեց ան եւ շարունակեց՝ ըսելով, թէ ամէն երկիր կ’առաջնորդուի միայն իր շահերով, «հետեւաբար, պէտք է դարձեալ ուժեղացնել մեր բանակը, որ լաւագոյն գրաւականն է մեր անվտանգութեան»:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ պատերազմէն ետք, նոր ձեւաւորուած Կովկասի մէջ, ուր Թուրքիա մեծ խաղացող դարձաւ, պէտք է զգուշ ըլլալ՝ մնալ պինդ ու ամբողջովին համոզուած, որ պիտի պաշտպանենք մեր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը, նաեւ մեր սահմանները, որովհետեւ յուսալքութեան ալիքը, որ կը տեսնուի երբեմն այս իշխանութեան շատ մը օղակներուն մէջ, մեզ կը միտի մղել միակողմանի զիջումներու: «Թուրքիոյ հետ որեւէ ձեւով բնականոն իրավիճակ չի կրնար ստեղծուիլ, եթէ Թուրքիա չառերեսուի իր պատմութեան հետ, չճանչնայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ չկատարէ հատուցումները: Իսկ Ատրպէյճանի պարագային՝ պէտք է այդ երկիրը յստակօրէն նշէ, որ կը ձերբազատի իր յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած ախորժակներէն»:
Արտահերթ ընտրութիւններուն գծով, Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ այս իշխանութեան՝ հեռանալու պահանջը պիտի շարունակուի ընտրարշաւի ընթացքին ալ, որովհետեւ անոր հեռացումը բարիք է Հայաստանին համար: Հայաստան պէտք է ունենայ նոր սկիզբ, պէտք է ամրապնդէ ինքզինք, եւ յոյսը վերադառնայ ժողովուրդին։ «Հայաստանի այդ յոյսի վերադարձին մէջ նաեւ իր բաժինը պէտք է ունենայ Սփիւռքը եւ ՀՅԴն, որ՝ իբրեւ կամրջող կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մին, պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ, որ հայրենիքին նեցուկ կանգնին բոլոր հայերը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կը գտնուին»:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ ժողովուրդին առջեւ պիտի դրուի յստակ ընտրութիւն՝ «նիկոլական Հայաստան թէ առանց նիկոլի Հայաստան»՝ յայտնելով, որ Փաշինեանի անձը չէ խնդրոյ առարկան, այլ անձին հետ եկող մտայնութիւնը, որ արմատախիլ պէտք է ըլլայ այս երկրէն, եւ որ կը վերաբերի ապազգային մօտեցումներուն եւ կեղծ բաժանարար գիծեր ստեղծելով՝ ժողովուրդին միասնականութիւնը քանդելուն:
Հայաստանի կայունութիւնը վերադարձնելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար, եւ որպէսզի յստակ դառնան Արցախի պաշտպանութեան վերաբերող կարեւոր կէտերը՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Մենք ընտրարշաւին պիտի մասնակցինք, պիտի ունենանք մեր յստակ ծրագիրը՝ դաշինքի ճամբով, որպէսզի ներկայացնենք մեր տեսալականը ժողովուրդին», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան: