Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արցախի շուրջ 75 առ հարիւրին կորուստը եւ 44օրեայ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրած յայտարարագրէն ճիշդ 6 ամիս ետք, Հայաստանի մէջ Երկուշաբթի, 10 Մայիսին բացուեցաւ փուլ մը, որ կը կոչուի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու պատրաստութեան շրջան: Ազդանշանը եղաւ, վարչապետ Փաշինեանը հրաժարականէն ետք, խորհրդարանին կողմէ նոր վարչապետի մը ընտրութեան երկու անգամ ձախողումով. հետեւաբար՝ խորհրդարանը ըստ օրինի արձակուեցաւ ու ընտրապայքարի վարագոյրը պաշտօնապէս բացուեցաւ:
Եկէ՛ք, երկար կանգ չառնենք այն տարօրինակ վիճակին առջեւ, որ ստեղծուած է չընտրութեամբ եւ խորհրդարանի արձակումով, որովհետեւ այդ բոլորը եղան օրէնքներուն հիմամբ: Իրողապէս, երկիրը վերածուած է օրինական թատրոնի: Տրամաբանութիւնը կ’ըսէ, թէ խորհրդարան մը կը լուծարուին, երբ խորհրդարանական խմբաւորումներու միջեւ տրամաբանական համախոհութիւն մը չի գոյանար վարչապետի մը թեկնածութեան շուրջ, մինչդեռ, Հայաստանի այժմու խորհրդարանին մէջ, հրաժարեալ վարչապետը ունի քուէներու մեծամասնութիւնը…: Տրամաբանօրէն, եղածը կը նշանակէ, որ իր համախոհներն անգամ չեն զօրակցիր վարչապետին (այլ երկիրներու մէջ, պատահած է, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ընտրեալ խորհրդարաններ լուծարուին, երբ հաւանական վարչապետի չէ յաջողած կառավարական համաձայնութիւն – քոալիսիոն – գոյացնել. Հայաստանի մէջ «տրամաբանութիւնը» տարբեր ձեւով կը բանի): Պարզ խօսքով, ականատես ենք իշխանաւորին եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ սարքովի թատրոնի մը, որուն մասին կարելի է երկար-բարակ մեկնաբանութիւններ կատարել, սակայն իրականութիւնը կը մնայ անփոփոխ:
ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԸ ՆՈՐ ՉԷ
Գաղտնիք չէ, որ ընտրապայքարը իրողապէս բացուեցաւ այն օրը (չէ՛, Փաշինեանի կողմէ թուականի ճշդումը եւ անոր հետեւած՝ շրջաններ այցելութիւններով, խորհրդարանի բեմէն եւ այլ յայտարարութիւններով ու ելոյթներով չսկսաւ ընտրապայքարը), երբ պարտութիւնն ու ամօթալի համաձայնութիւնը մերժող ընդդիմադիր ճակատը, առաջնորդուած՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին կողմէ, պահանջեց թիւ մէկ պատասխանատուին եւ անմիջական գործակիցներուն հրաժարականը, մասնագէտներով փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի վիճակը որոշ չափով բնական դառնայ, եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կազմակերպուին խորհրդարանական օրինական ընտրութիւններ: Պարանաձգութեան խաղին վեց ամիսներու պատմութիւնը ծանօթ է. այսօր, ընտրութեան բեմն ու ճակատները ըստ բաւականին պատրաստ են: Բարձրացած են երկու «պաստառներ». առաջինին վրայ կան ձախողած եւ երկիրը անվիճելի անկումի տանող իշխանութեան քարոզարշաւի արձանագրութիւնները, իսկ երկրորդին վրայ՝ անկումային վիճակներէն դուրս բերելու ընդդիմադիրներուն հաւաստիքները:
Եթէ ըսենք, որ իշխանութեան եւ անոր կողքին կանգնողներուն դրօշները վաղուց պարզուած էին, ընդդիմադիրներու դրօշները կտրեցին վերիվայրումներու փուլեր եւ սկսան աւելի յստակօրէն վերաձեւաւորուիլ վերջին շաբաթներուն: Խորհրդարանական ընդդիմադիրներէն իւրաքանչիւրը (մէկը որոշ տեղ քալեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին հետ, յետոյ առանձնացաւ) իր ղեկավարը հռչակած է վարչապետութեան թեկնածու եւ առայժմ ընտրութեանց կը պատրաստուի առանձինն:
Կիրակի օր, նախկին նախագահ Ռոպէր Քոչարեան հրապարակ եկաւ իբրեւ առաջնորդը նոր դաշինքի մը՝ «Հայասատան» դաշինքին, իր կողքին ունենալով ՀՅԴաշնակցութիւնն ու Սիւնիքի մէջ ծնունդ առած՝ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը (որ մարմին առաւ հազիւ ամիս մը առաջ, երբ ազերիական «Դամոկլեան սուր»ը եւ «Ճի.Փի.Էս.»ները սկսան կրծել Սիւնիքը, ի տես իշխանութեան՝ «մտահոգիչ բան չկայ»ի կրաւորականութեան): Նախապէս, «Հանրապետական» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններն ալ դաշինք մը հռչակած էին: Վաղը, նոր դաշինքներու ծնունդը հաւանական է: Չմոռնանք արձանագրելու, որ վերջին ամիսներուն, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են աւելի քան տասնեակ մը նոր կուսակցութիւններ, մաս մը՝ իշխանութեան փէշերէն կախուելու, ուրիշներ՝ ընդդիմադիրներուն կողքին ըլլալու կամ անոր տեսակէտները լիովին չբաժնեկցելու տրամադրութիւններով:
Ահաւասիկ սեղմ ուրուագիծ մը, որ կը կազմէ ընտրապայքարի բեմին ընդհանուր պատկերը: Տիրապետող նիւթերուն ցանկը բաւական երկար է եւ ըստ բաւականին ծանօթ: Կ’արժէ այսօր դարձեալ արձանագրել, որ ընտրապայքարի նիւթ են եւ պիտի ըլլան հարցեր, որոնք այլապէս պէտք է զերծ պահուին այս «խոհանոցէն»…
ՔՈՒԷՆԵՐՈՒ ՑՐՈՒՈՒՄ
Այսօրուան պատկերով, ի՞նչ նախատեսութիւններու եւ հաւանականութիւններու դուռներ կը բացուին ընտրական բեմին վրայ:
Իշխանութիւնը, չյայտարարուած ընտրապայքարը քանի մը շաբաթ առաջ բանալով, արդէն ոգի ի բռին աշխատանքի եւ քարոզչութեան լծուած է, հաւաստելով, որ իր երեք տարիներու կառավարումը դրական տեղաշարժ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ, հետեւաբար, քուէարկողին կը դիմէ այն յանկերգով, թէ ինք է ժողովուրդին կամքին միակ մարմնաւորումը, հետեւաբար, երկրին ղեկը պէտք է դարձեալ վստահուի իրեն: Այս իշխանութիւնը կը մերժէ ընդունիլ եւ տեսնել, թէ իր օրով արձանագրուեցաւ պատմական աղէտ մը, ծանրագոյնը՝ Ցեղասպանութենէն ետք, իսկ եթէ դրական տեղաշարժ արձանագրուած է տեղ մը, աղէտն ու հետեւանքները այնքա՛ն ծանր են, որ…: Իշխանութիւնը ունի յենարաններ. կան արտախորհրդարանական կուսակցութիւններ, նախկին թէ նորակազմ, որոնք պիտի փորձեն իշխանութեան նաւուն կառչելով կամ անոր հետեւելով՝ վերականգնել խորհրդարանականի իրենց դիրքը, նորակազմ խորհրդարանին մէջ «իմքայլական»ներուն հետ գործակցական կառավարութեան մը մասնակցելու յոյսով:
Դիմացի ճակատին վրայ, յետ-պատերազմեան ընդհանրապէս միասնական ճակատը արդէն «տարբաղադրուած» է, ինչպէս ակնարկեցինք քիչ առաջ: Կան մէկէ աւելի դաշինքներ, թեկնածուներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ քուէներու ցրիւ գալուն եւ անուղղակիօրէն նպաստել իշխանութեան դիրքերուն բարեշրջման: Կայ նաեւ երկրորդ ընտրանք մը՝ քանի մը ամիս առաջ ձեւաւորուած միասնութիւնը վերաձեւաւորել նոր տարազով մը եւ իշխանութեան ընդդիմադիր կուսակցութեանց եւ դաշինքներուն միջեւ կազմել «թոյլ համերաշխութիւն» մը: Այլապէս, մսխումը անխուսափելի պիտի ըլլայ…
Մէկ խօսքով, այսօր ստեղծուած է ընտրապայքարի դաշտ մը, որ խորքին մէջ սարքուած է հրաժարեալ վարչապետին կողմէ (չմոռնանք, որ ինք էր ընտրութեան թուականը որոշողը, շրջանցելով նախագահին իրաւունքը. ոեւէ մէկուն մտքէն չ’անցնիր, որ նախագահը վաղը տարբեր «խիզախում» մը պիտի ընէ…), որքան ալ որ այդ որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ ընդդիմադիրներուն շարժումը: Փոխանցման կառավարութեան մը գաղափարը ընդհանրապէս մէկդի դրուած է, որքան ալ որ երկրին վիճակը նախամեծար համարէ նման ընտրանք մը. ի վերջոյ, Նոյեմբերէն ասդին վեց ամիս սահած է, իսկ ընդդիմադիրներուն պահանջը այն էր, որ փոխանցման կառավարութիւնը ունենար մէկ տարուան կեանք (հիմա կէսը սահած-գացած է արդէն): Ընտրապայքարը նաեւ ստեղծած է այնպիսի մթնոլորտ, ուր կարգ մը առաջնահերթութիւններ (եթէ ո՛չ այսօր, ապա շուտով) պիտի քշուին յետին բեմ կամ պիտի դառնան քարոզչութեան վառելանիւթ, յամենայնդէպս ո՛չ-ցանկալի վիճակ՝ երկրին ու ընտրապայքարի մտնողներուն համար:
Ամէնէն աչքառուն այն է, որ ընտրապայքարի բեմը կը դասաւորուի անհատներու առանցքներուն շուրջ, ըլլա՛յ իշխանութեան, ըլլա՛յ ընդդիմադիրներու շրջանակներուն մէջ: Մինչդեռ, վեց ամիս առաջ բացայայտուած անկումային վիճակը կը հարկադրէր, պէտք էր հարկադրէր, որ մրցակցութիւնը ըլլար ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ եւ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ շուրջ: (Այս մասին՝ աւելի ուշ):
8-10 Մայիս 2021