ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանացի խումբ մը երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ Ատրպէյճանէն պահանջեցին ազատ արձակել հայ ռազմագերիները` «Ազատութիւն հայ ռազմագերիներուն» արձանագրութեամբ պաստառներով լուսանկարուելով Սպանական Ազգային ժողովի կեդրոնական մուտքին առջեւ: Այս մասին տեղեկացուցին Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.