Հինգշաբթի, 13 Մայիսի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին նուիրուած Ս. պատարագին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն:
Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման տօնի խորհուրդին:
Յետ պատարագի, Կլենտէյլի «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Համբարձման աւանդական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որուն կ՛ընկերակցէին Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան:
Ճաշկերոյթին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր թեմի բարերարներէն Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան, որ կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած ճաշկերոյթին ներկայ գտնուիլ:
Առ ի գնահատանք տիկին Օհաննէսեանին՝ առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ յատուկ յուշանուէր մը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ ծաղկեփունջ մը պիտի փոխանցուին անոր:
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետ Վանիա Պապիկեան, ապա հանդիսավար Ալվարդ Բարսեղեան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելու Համբարձման տօնի եւ Մայրերու օրուան առիթով:
Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախ գնահատեց կազմակերպիչ մարմինի անդամները, դրուատեց անոնց ժրաջանութիւնն ու նուիրեալ աշխատանքը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին, բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն իրենց ցուցաբերած անվերապահ զօրակցութեան համար:
Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց ճաշկերոյթին ներկայ բոլոր մայրերը եւ ըսաւ, որ հայ մայրը տան ողնասիւնն է, ամուսնոյն ապահովութիւնն է, զաւակներուն դաստիարակն ու առաջնորդող վառ օրինակն է եւ իր թոռներուն պահապան հրեշտակը, «որ բոլորիս կեանքը կ՛իմաստաւորէ իր անաւարտ սիրով, համբերատարութեամբ եւ նուիրումի անսակարկ ոգիով»:
Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց Կիրակնօրեայ վարժարանի բազմամեայ ուսուցչուհի Սեդա Քէչէճեանին՝ առ ի գնահատանք անոր վաստակին եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան: Այս առիթով, բոլոր մայրերուն բաշխուեցան վարդեր եւ աղօթագիրքեր:
Այնուհետեւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան անդրադարձաւ Համբարձման տօնի խորհուրդին, իսկ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի աւարտական 8րդ կարգի աշակերտները, ապա մայրերու նուիրուած երգերով ճաշկերոյթը ճոխացուց Յովհաննէս Պալեան:
Հուսկ, ներկաները ինքնաբուխ երգեցին Համբարձման տօնը յատկանշող ժողովրդային երգեր եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերին աւանդական վիճակաձգութեան: