ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի օր հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ատպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին:
Ամերիկեան կողմը «անընդունելի եւ սադրիչ» համարեց Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերուն իրականացուցած գործողութիւնները եւ տեղեկացուց , որ ամերիկեան այս դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ Պաքուի ղեկավարութեան` պահանջով դուրս բերել ատրպէյճանական ուժերը Հայաստանի տարածքէն:
Սալըվըն բարձր գնահատեց հայկական կողմին ցուցաբերած զսպուածութիւնը եւ հարցերը ոչ թէ ռազմական, այլ դիւանագիտական ճամբով լուծելու քայլերը:
Ան նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Պաքուի կողմէ պահուող հայ գերիներուն առնչութեամբ եւ ընդգծեց անոնց վերադարձը ապահովելու կարեւորութիւնը: